Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան 

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ- Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանի 2018¬2019 տարեշրջանի ակադեմական եւ արուեստից բաժանմունքներու շրջանաւարտից հանդէս

Հայրական պատգամ փոխանցեց Գաբրիէլ թ.ծ. վ. Մուրատեան: Ան յայտնեց, որ շրջանաւարտներու դէմքին վրայ կը տեսնէ խոստմնալից ապագան մեր եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին:

Շաբաթ, 18 մայիս 2019-ի երեկոյեան, Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետօղլեան» սրահին մէջ, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ¬Հարպոյեան վարժարանը ներկայացուց իր աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող շրջանաւարտից հունձքը` հովանաւորութեամբ պատրիարքական փոխանորդ Պէյրութի թեմին ու Զմմառու կղերի միաբանութեան եւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ թ.ծ. վ. Մուրատեանի:

Հայերէն լեզուով բացման խօսք կատարեց Քրիսթին Չանկուլեան: Ան նշեց, որ իրենք` 44 շրջանաւարտները, վկայականով պիտի փակեն կեանքի լաւագոյն հանգրուաններէն մէկը` բանալու համար նորը: Ան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը նկատեց հոգատար մայր, որ տարիներ շարունակ գիտութեամբ զինած է զիրենք, տուած է հոգեւոր ու մտային պաշար եւ ուղղած դէպի ապագայի լուսաւոր ճանապարհ` աւելցնելով, որ այս բոլորը եղած են վարժարանի անձնակազմի անդուլ աշխատանքով: Նկատի ունենալով, որ այս տարին կը զուգադիպի հանճարեղ երաժիշտ, երգահան Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին,  ան պարտք համարեց լեցուելու անոր շունչով ու ոգիով:

Արաբերէն լեզուով բացման խօսք կատարեց շրջանաւարտ Լուչիանա Ֆէնէրճեան, որ գնահատեց ուսուցիչներուն առանցքային դերը, որոնք աշակերտները իրենց զաւակները նկատեցին ու տուին ամէն տեսակ սէր: Ան ծնողները նկատեց իսկական ապաւէններ, որոնք լսեցին իրենց գանգատները, ամոքեցին իրենց վէրքերը, եւ որոնք յաւիտեան իրենց կողքին կը մնան:

Շրջանաւարտներու ուղերձը անգլերէն լեզուով կարդաց Կասիա Տէրտէրեան, որ ըսաւ, թէ մանկութեան անմեղութիւնը այս պահուն փոխարինուած է հասունութեամբ, որուն միջոցով կեանքի նոր էջ մը կը բացուի: Ան իր ընկերներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց իրենց ծնողներուն` իրենց անմնացորդ դրոշմին եւ նեցուկին համար, նաեւ երախտագիտութիւն` իրենց ուսուցիչներուն եւ տնօրէնութեան, որոնք սորվեցուցին կեանքի կարեւոր արժէքները ու յարգանքը, քաջալերեցին զանոնք եւ հետեւեցան:

Շրջանաւարտներու ուղերձը հայերէն լեզուով կարդաց Մեղրի Պասմաճեան, որ ըսաւ, թէ իրենց վարժարանը աշակերտներուն սրտերուն մէջ վառեց հայրենասիրութեան ջահը ու   ցանեց Քրիստոսի հանդէպ սէրն ու հաւատքը: Ան հանդէսը նկատեց պտղաբերումի պահ եւ խոստացաւ իբրեւ հայեր ազգային արժէքները պահել ու տարածել, իսկ իբրեւ քրիստոնեաներ ամուր ու կայուն հաւատքով ապրիլ ու ներշնչել ուրիշները:

Ապա շրջանաւարտները ներկայացուցին խմբային երգ մը «Տոզ ուըր տը տէյզ»:

Այնուհետեւ վարժարանի ակադեմական մեծաւոր Նելլի Տէր Ղազարեան ըսաւ, որ շրջանաւարտները ստացան որակաւոր դաստիարակութիւն,  քրիստոնէական ու հայկական բարձր գիտելիքներ եւ մարդկային արժէքներ` աւելցնելով, որ աշակերտները տարիներ շարունակ փայլուն արդիւնքներ արձանագրած են պետական քննութիւններուն: Ըստ անոր, դպրոցին մէջ կը դասաւանդուին բազմակողմանի զարգացման ակադեմական ծրագիրներ, աշակերտները կը մասնակցին միջազգային քննութիւններու, գործակցութիւն կայ Լիբանանի եւ Հայաստանի համալսարաններուն հետ: Նելլի Տէր Ղազարեան շեշտեց Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան եւ բարերարներուն անվերապահ աջակցութիւնը վարժարանին կառոյցը նորոգելու ու արդիականացնելու, նաեւ անդրադարձաւ որակեալ ուսուցչական կազմին դերին: Իր խօսքին վերջին բաժինը ուղղեց շրջանաւարտներուն եւ յայտնեց, որ  կեանքի նոր հանգրուանի սեմին անոնք պիտի դիմագրաւեն ուսումնական, աշխատանքային, տնտեսական մարտահրաւէրներ, ուստի պէտք է առաջնորդուին իրենց գիտելիքներով, քրիստոնէական ու հայեցի արժէքներով:

Այնուհետեւ շրջանաւարտներէն զոյգ մը ներկայացուց սալսա պարը: Ապա աշակերտական կեանքէն տեսերիզ ցուցադրուեցաւ: Յունական խմբային պարով դարձեալ հանդէս եկան շրջանաւարտները:

Ապա վարժարանի վարչական մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան իր խօսքին մէջ շեշտեց երրորդութեան կարեւորութեան` դպրոց, ծնողք եւ աշակերտ, լաւագոյն ուսում ջամբելու, քրիստոնէական, մարդկային սկզբունքներու վրայ հիմնուած եւ ակադեմական բարձրագոյն մակարդակ ունենալու առումով: Ան նշեց, որ, հակառակ երկրին մէջ տիրող տնտեսական տագնապին, ոչ մէկ ճիգ խնայեցին զարգացնելու վարժարանը եւ ծնողներուն հետ հասկացողութիւն ցուցաբերեցին, որպէսզի աշակերտները որակեալ կրթութիւն ստանան: Խոստումը իրականութիւն դարձաւ, երբ վարժարանի դասարանները, բակերը եւ կարգ մը բաժանմունքները վերանորոգուեցան: Ան յայտնեց, որ այս բոլորը իրականացան շնորհիւ Զմմառու ցաւատանջ Տիրամօր աղօթքին, հայ կաթողիկէ Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքին հայրական գուրգուրանքին եւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ թ.ծ. վ. Մուրատեանի թելադրանքներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանին նեցուկ կանգնած բոլոր միութիւններուն եւ անհատներուն` դիտել տալով, որ կարգ մը դասարաններու նորոգութեան հովանաւորը եղած է Իտալիոյ եպիսկոպոսական խորհուրդը:

Ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը` վերանորոգման աշխատանքները ներկայացնող:

Գեղարուեստական յայտագիրի վերջին բաժինով Ալինա Մխճեան եւ Շահան Մանճեան ասմունքեցին Պարոյր Սեւակի «Կոմիտաս վարդապետին» բանաստեղծութիւնը, խմբային պարով եւ երգով` «Ալ այլուղս» հանդէս  եկան շրջանաւարտները, սաքսոֆոնի վրայ նուագեց Ալինա Գայֆէճեան: Տեսերիզով ցուցադրուեցան շրջանաւարտներու արտադասարանային ձեռնարկներն ու գործունէութիւնները: Ապա վարժարանի վահանը փոխանցուեցաւ շրջանաւարտներու կողմէ 11-րդ դասարանի աշակերտներուն: Շրջանաւարտները երգեցին նաեւ «Առագաստանաւ» երգը:

Օրուան պատգամախօսն էր ընկերային հարցերու նախարար տոքթ. Ռիշար Գույումճեան, որ գնահատեց այն մեծ աշխատանքը, որուն համար աշակերտները եւ ուսուցիչները տքնեցան ամբողջ տարուան ընթացքին, նաեւ բոլոր այն անհատները, որոնք վարժարանին վերելքին եւ յառաջդիմութեան ի նպաստ աշխատեցան: Խօսքը շրջանաւարտներուն ուղղելով` ըսաւ, որ կեանքի նոր փուլին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը սպասեն իրենց եւ զանոնք պէտք է դիմագրաւել զոհողութիւններով: Ռիշար Գույումճեան երեք պատգամ տուաւ շրջանաւարտներուն` մեծ երազներ ունենալ, տքնաջան աշխատիլ, հաւատքը բարձր պահել. ըստ անոր, մեր նախնիները այդպիսով յաղթահարեցին դժուարութիւնները, կրցան վերականգնիլ Ցեղասպանութեան արհաւիրքէն եւ թոյլատրեցին, որ հայ ազգը փիւնիկի նման վերածնի: Այս պատգամը որպէս աւանդ մեր մեծ հայրերէն ու մեծ մայրերէն կը փոխանցուի շրջանաւարտներուն, որպէսզի պահեն: Անոնք ուժ եւ կամք կու տան` աւելի բարօր պայմաններ ստեղծելու համար հայ ժողովուրդին եւ պայծառ ապագայ Լիբանանին:

Ապա վարժարանին կողմէ յուշանուէր յանձնուեցաւ ընկերային հարցերու նախարար տոքթ. Ռիշար Գույումճեանին:

Տեղի ունեցաւ վկայականներու բաշխում եւ մրցանակաբաշխութիւն:

Ակադեմական պատուոյ յիշատակութեան մրցանակներ ստացան Քրիսթին Չանկուլեան եւ Կասիա Տէրտէրեան, իսկ լաւագոյն վարքի պատուոյ յիշատակութեան մրցանակներ ստացան Մեղրի Պասմաճեան, Ալինա Մխճեան, Անթոնի Այնթապլեան եւ Լուչիանա Ֆէնէրճեան:

Աւարտին հայրական պատգամ փոխանցեց Գաբրիէլ թ.ծ. վ. Մուրատեան: Ան յայտնեց, որ շրջանաւարտներու դէմքին վրայ կը տեսնէ խոստմնալից ապագան մեր եկեղեցւոյ եւ հայրենիքին: Ան կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` պատասխանատուութեան բարձր ոգի ունենալու եւ իրենց հետ տանելու Քրիստոսը, որովհետեւ այդպիսով կարելի է յաղթահարել դժուարութիւնները: Ան յորդորեց նաեւ պահել մեր լեզուն, հաւատքը, հայ ինքնութիւնը, Լիբանան հայրենիքը: Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեան մաղթեց, որ բոլոր շրջանաւարտները կազմեն սուրբ ընտանիքներ`  մեր ապագային ի նպաստ:

Վկայուեցան հետեւեալ աշակերտները.

Ընդհանուր գիտութեան բաժանմունք` Այնթապլեան Անթոնի, Տաւիտ Նինոս, Տէմիրճեան Լոռի, Յովսէփեան Կարէն, Քաժոյեան (Ուազիր) Անթոնի, Գույումճեան Ճէսի, Լթէյֆ Ատոլֆ, Նաճարեան Սելին:

Ընկերատնտեսագիտական բաժանմունք` Ատուրեան Ճենիֆըր – Քրիսթինա, Ախրապեան Սելլա, Պալթարեան Ալեքս, Պասմաճեան Մեղրի, Տաւիտեան Բալիկ, Էքշեան Արազ, Էքշեան Դուին, Քանաան Կարէն, Գասպարեան Փասքալ, Քէսմէեան Ճիորճիօ, Խրիմեան Տեսիլ, Քիւրքճեան Քաթիանա, Մելիքսէթեան Յակոբ, Ուրֆալեան Բալիկ, Սաճեան Նաթաշա, Թաշճեան Փաթիլ:

Կենսաբանութեան բաժանմունք` Պալթարեան Տէյվիտ, Պօղոսեան Քարինա, Տէրտէրեան Կասիա, Գալայճեան Սելեսթի, Գարակէօզեան Օրիա, Գայֆէճեան Ալինա, Մանճեան Շահան, Մխճեան Ալինա, Սարգիսեան Անթոնի, Չանկուլեան Քրիսթին:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/05/2019, 08:20