Գրիգոր Պետրոս Ի.  ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը. Գրիգոր Պետրոս Ի. ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը. 

Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը.

Շուրջ մէկ ժամ տեւած մտերիմ զրոյցը շօշափեց սփիւռքահայութիւնը յուզող խնդիրներ

Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը երեքշաբթի, 30 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան ժամը 10:00-ին ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը, որուն կ՛ուղեկցէր ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի: Հանդիպումին ներկայ էին Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Գէորգ արք. Խազումեան, Մանուէլ եպս. Պաթագեան, ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան եւ օգնական ժողովրդապետ տէր Կարապետ Թադէոսեան, ինչպէս նաեւ այլ անձնաւորութիւններ:

Առաւելաբար Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ ծանօթացման բնոյթ ունեցող հանդիպումին, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ողջունեց հիւրերը: Այնուհետեւ, շուրջ մէկ ժամ տեւած մտերիմ զրոյցը շօշափեց սփիւռքահայութիւնը յուզող խնդիրներ, հայապահպանութեան մտահոգութիւններ` մասնաւորաբար հայ եկեղեցւոյ եւ հայ դպրոցին վերապահուած առաքելութեան կարեւորութիւնը սփիւռքահայ սերունդներու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան մէջ: Ուրախութեամբ արձանագրուեցաւ աշխարհասփիւռ օտարախօս հայերու իրենց արմատներուն եւ ինքնութեան վերադարձի երեւոյթը:

Հիւրերը հրաժեշտ առին նոր հանդիպումներու մաղթանքով:

Քաղուած “Ազդակ” էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/05/2019, 08:28