Մայիս 28-ի նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ Մայիս 28-ի նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։ 

Մայիս 28-ի նշում` Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։

ԱՐԱՄ Ա. Ամբողջական ու Միացեալ Հայաստանի տեսլականին իրագործման առաջին քայլը Արցախի միացումն է Հայաստանին

Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան տօնին խորհրդանիշը ո՛չ միայն իր էութեան մէջ է, այլ նաեւ այն յատկութեան, որ այս անկախութիւնը ընդելուզուած է մեր ազգային ու հոգեւոր ինքնութեան հետ, որուն համար մեր եկեղեցիներուն մէջ կը կատարուի Հանրապետական մաղթանք: Այս արարողութեամբ, եկեղեցին աղօթք կը բարձրացնէ առ բարձրեալն Աստուած Հայաստանի իշխանաւորներէն անդին ու վեր հայրենիքին համար, որ հողին ու ժողովուրդին անքակտելի ամբողջութիւնն է: Իսկ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութիւնը նշել Անթիլիասի մայրավանքին մէջ` այն հողին վրայ, որ սփիւռքի մէջ հայրենիք դարձած է Ցեղասպանութիւն տեսած ու անկէ միայն երեք տարի ետք Սարդարապատի ճակատամարտը յաղթութեամբ մղած ժողովուրդին համար, ունի իր հոգեպարար իմաստն ու պատգամը:

Այս առիթով, կիրակի, 26 մայիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս նախագահեց Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ մատուցուած Ս. պատարագին եւ Հանրապետական մաղթանքին, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի դրօշի օրհնութիւն: Հուսկ, հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ մայրավանքի շրջափակին մէջ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին նուիրուած յուշակոթողին դիմաց, ուր տեղի ունեցաւ Սարդարապատի հերոսներուն նուիրուած հոգեհանգստեան արարողութիւն, որմէ ետք վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան նուիրուած յատուկ հանդիսութիւն մը` գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով:

Անկախութեան տարեդարձին նուիրուած պատգամը վեհափառ հայրապետը ուղղեց եկեղեցւոյ խորանէն: Ան ըսաւ, թէ մեր հայրենիքի հզօրութեան աղբիւրը եղած է մեր հողին ու ժողովուրդին նոյնացումը, հետեւաբար, մեր ժողովուրդը միահամուռ կերպով դիմադրած է թշնամիներուն` յանուն ազատութեան, հաւատքի ու անկախութեան. այս հանգամանքը հայրենիքը սրբազան արժէք դարձուցած է մեզի համար: Վեհափառ հայրապետը ընդգծեց, որ իշխանութիւնները եւ պետական կառոյցները առկայ են փոխուելու համար, սակայն, մնայուն արժէքը հայրենիքն է` իր հողով ու ժողովուրդով. «Հայրենիքն է մնայուն, գերագոյն ու սրբազան արժէքը, եւ մեր ժողովուրդը պէտք է այս սրբազան արժէքին շուրջ համախմբուի` հայրենիքն ու հայութիւնը դաւանելով մեր կեանքի ամէն բանէ վերը», ըսաւ ան:

Ապա, վեհափառ հայրապետը երեք կէտերու մէջ ամփոփեց ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգին ու տեսլականը.

Առաջին` ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգին ու տեսլականը վառ պահել կը նշանակէ հզօրացնել ներկայ Հայաստանը: Ան ըսաւ, թէ թէկուզ փոքր հողաշերտ մնացած է պատմական մեր Հայաստանէն, սակայն այդ հողաշերտին մէջ կը գտնուին մեր դարաւոր արմատները, եւ պէտք է հզօրացնել զանոնք` մասնակից դառնալով հայրենաշինութեան ու հայրենակերտումի սրբազան եւ համազգային առաքելութեան: Երկրորդ` ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգին ու տեսլականը մեր ժողովուրդի զաւակները պէտք է այսօր մղեն մասնակից դառնալու Արցախի անկախութեան ամրապնդման` միշտ գիտակցելով, որ Արցախը ոչ մէկ սակարկութեան զոհ կրնայ դառնալ այսօր, իսկ իբրեւ ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգիի ու տեսլականի գործնական առաջին քայլ, Արցախը մաս պէտք է կազմէ Հայաստանին:

Երրորդ` ամբողջական ու միացեալ Հայաստանի ոգիին հաւատարիմ ըլլալ կը նշանակէ մեր կեանքէն հեռացնել ամէն տեսակ մօտեցումներ, գործելակերպեր, մտածելակերպեր, որոնք մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ բեւեռացումներ կը յառաջացնեն, շեշտեց վեհափառ հայրապետը` աւելցնելով, որ անոնք Հայաստանի, Արցախի կամ սփիւռքի կեանքին մէջ ներքին ցնցումներ կը յառաջացնեն: «Մենք կը մերժենք նման մօտեցումներ: Մեր պատմութեան այս ճակատագրական փուլին, երբ մենք շրջապատուած ենք թշնամիներով, որեւէ ժամանակէ աւելի մեր ժողովուրդի ներքին միասնակամութիւնը հրամայական առաջնահերթութիւն ու անհրաժեշտութիւն է», ըսաւ ան:

Եզրափակելով իր պատգամը` Արամ Ա. կաթողիկոսը ողջունեց ամէն տեսակ նախաձեռնութիւն, որ արծարծ կը պահէ միասնակամութեան ոգին եւ իրարու կը մօտեցնէ մեր ժողովուրդի զաւակները` կոչ ուղղելով. «Բոլորուինք հայրենիքի հզօրացման մեր ազգի գերագոյն արժէքներուն շուրջ: Ահա այս գիտակցութեամբ ու այս նախանձախնդրութեամբ մենք արժանի կը դառնանք Մայիս 28-ով կերտուած մեր հերոսներու սրբազան աւանդին: Ամբողջական ու միացեալ Հայաստանը պէտք է մնայ մղիչ ուժ ու տեսլական, եւ քալենք յառաջ դէպի մեր ժողովուրդի լուսապայծառ ապագան»: (Պատգամին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք 28 մայիսի մեր թիւով):

Յայտնենք, որ Մայիս 28-ի տօնակատարութեան ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան եւ Արմենոֆասի ժողովի անդամները:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2019, 08:33