Ֆիրենցէ - Սիենա մայրուղիի վրայ Վթար Ֆիրենցէ - Սիենա մայրուղիի վրայ Վթար 

Իտալիոյ մէջ զբօսաշրջութեան փոխադրակառքի վթարի հետևանքով վիրաւորներու շարքին կան Հայաստանի քաղաքացիներ։

Վիրաւոր հայաստանցի 8 քաղաքացիներէն միայն մէկը ծանր վնասներ կրած է։

Վատիկան

Իտալիայի Սիենա-Ֆիրենցէ մայրուղիի վրայ,  մայիսի 22-ին զբօսաշրջութեան փոխադրակառքի վթարի հետևանքով վիրաւորներու շարքին կան նաև Հայաստանի քաղաքացիներ։ Այս մասին յայտնած է  Իտալիոյ մէջ  Հայաստանի դեսպանութիւնը որ ըստ տեղեկութեանց անմիջական կապ հաստատած է Սիենայի ոստիկանապետութեան ու պատկան այլ մարմիններու հետ՝ ՀՀ քաղաքացիներու վերաբերեալ պարբերաբար տեղեկատուութիւն ստանալու նպատակով։

Ըստ Իտալական լրատուամիջոցներու տարածած լուրերուն, վթարը պատահած է առաւօտեան 9.30-ին, Մոնթերիճճոնի գեղաքաղաքին մօտ, որուն պատճառաւ կայ մէկ մեռեալ եւ 37 վիրաւորներ։

 Փոխադրակառքի 35 ամեայ վարորդը ձերբակալուած է ու մեղադրուած «ճանապարհային մարդասպանութեան» մեղադրանքով, տրուած ըլլալով որ արկածը պատահած է անոր անուշադրութեան հետեւանքով։  Փոխադրակառքի մէջ կային 60 զբօսաշրջիկներ։

Իտալիայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան փոխանցած տեղեկութիւններու համաձայն վթարին հետեւանքով վիրաւորուած են հայաստանցի 8 քաղաքացիներ, որոնցմէ միայն մէկը ծանր վնասներ կրած է ու տակաւին կը գտնուի հիւանդանոցին մէջ, մինչ միւս եօթն, առաջին դարմանումները ստանալէ ետք, արդեն թողած են հիւանդանոցը։ Վիրաւորներէն եւ ոչ մէկը կեանքի վտանգի մէջ է։

Դեսպանատան աշխատակիցները արդեն մեկնած են Սիենա՝ մօտէն հետեւելու հարցին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/05/2019, 08:13