Որոնել

Շառլ Ազնաւուր Շառլ Ազնաւուր 

Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակին առիթով Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենան անոր արուեստը արժեւորող ձեռնարկներ:

Շառլ Ազնաւուրի եւ անոր որդիին` Նիքոլա Ազնաւուրի կողմէ ստեղծուած «Ազնաւուր» հիմնադրամին նպատակն է զարգացման մշակոյթի, կրթութեան եւ բարեկեցութեան ապահովման ծրագիրներ իրականացնել:

Մայիս 22-ին կը լրանայ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր, երգիչ-երգահան Շառլ Ազնաւուրի 95-ամեակը:  Ինչպէս կը յայտնեն «Ազնաւուր» հիմնադրամէն, Ազնաւուրի ծննդեան տարեդարձին ընդառաջ եւ ամբողջ տարուան ընթացքին աշխարհի տարբեր անկիւններու մէջ անոր արուեստը նշանաւորող ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին` ցուցահանդէսներ, համերգներ, յուշարձաններու բացում, հանրային վայրերու, հաստատութիւններու անուանակոչութիւն:

Մեծ արուեստագէտին 95-ամեակի առթիւ Փարիզի քաղաքապետարանը, համագործակցելով «Ազնաւուր» հիմնադրամին հետ, Ազնաւուրի ծննդեան օրուան նախօրէին` Մայիս 21-ին, Ֆրանսայի մայրաքաղաքին մէջ կը կազմակերպէ հետեւեալ ձեռնարկները:

Յուշատախտակի բացում

Մայիս 21-ին` Փարիզի  ժամանակով 11:15-ին, Ազնաւուր ընտանիքի փարիզեան առաջին բնակարանի հասցէին մէջ պիտի բացուի յուշատախտակ` Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկոյի, քաղաքային իշխանութիւններու, նշանաւոր անձերու եւ, ի հարկէ, Ազնաւուր ընտանիքի անդամներուն ներկայութեամբ:

Յուշատախտակը պիտի տեղադրուի Փարիզի 6-րդ շրջանի Մսիօ լը Փրենս 36 հասցէին մէջ, ուր Փարիզ ժամանելէն ետք բնակած է Ազնաւուրեաններու ընտանիքը, եւ ուր անցած է Շառլ Ազնաւուրի մանկութիւնը:

Համերգ Փարիզի քաղաքապետարանի մերձակայ հրապարակին վրայ

Փարիզի քաղաքապետարանին յարող հրապարակին վրայ Փարիզի ժամանակով ժամը 17:00-ին տեղի պիտի ուեննայ համերգ` նուիրուած Ազնաւուրի տարեդարձին:

Համերգին ելոյթներով հանդէս պիտի գան Փարիզի քաղաքային երգչախումբը, Անդրէ Մանուկեանը, Ժոաննա Մենտիլը, Եսայի Ալթունեանը, Ազնաւուրին նուագակցած դաշնակահար Էրիկ Պերշոն եւ այլ երաժիշտներ:

Քաղուած «Եռագոյն»էն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/05/2019, 10:41