Որոնել

Պուրքինա Ֆազոյի քրիստոնեաներ Պուրքինա Ֆազոյի քրիստոնեաներ 

Պուրքինա Ֆազոյի մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ դէմ նոր յարձակում՝ մահացած են 4 հաւատացեալներ։

Վերջին ամսուայ ընթացքին չորրորդ անգամ ըլլալով քրիստոնեայ Եկեղեցի մը թիրախ կը դառնայ զինեալ յարձակումի։

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Պուրքինա Ֆազոյի հիւսիսային շրջանի մայրաքաղաք Ուահիկույայէն 67 քլմ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Թուֆլէ քաղաքի կաթողիկէ եկեղեցին թիրախ դարձաւ զինեալ մէկ յարձակումի, որուն հետեւանքով մահացած են չորս կաթողիկէ հաւատացեալներ ու այլ երկու հաւատացեալներ ծանրապէս վիրաւորուած են։

Ունկնդրէ լուրը

Վերջին այս ամսուայ ընթացքին չորրորդ անգամ ըլլալով քրիստոնեայ Եկեղեցի մը թիրախ կը դառնայ զինեալ յարձակումի։

 Զինեալ ահաբեկիչները կրակ բացած են եկեղեցւոյ մէջ աղօթքի պահուն համախմբուած հաւատացեալներուն դէմ։ Կառավարութիւնը այդ հարցով մեղադրած է անանուն ահաբեկչական իսլամ ծայրայեղ խմբաւորումները, որոնք երկրին մէջ կ՛ուզեն խեղաթիւրել այն խաղաղ յարաբերութիւնները, որոնք գոյութիւն ունին մեծամասնութեամբ մահմետական բնակիչներուն ու փոքրամաս քրիստոնեայ հասարակութեան միջեւ։

Սոյն ժիհատիստական յարձակումները սկիզբ առած են 2015-ին ու տարիէ տարի աւելիով  աճ արձանգրած են։ Ափրիկէի Ռազմավարական հետազօտութիւններու Կեդրոնի տուեալներու համաձայն՝ 2015-ի 3 յարձակումներէն ետք, 2016-ին տեղի ունեցած են 12 յարձակումներ, 2017ին 29 եւ 2018 137։ Ամենաշատ հարուածուած շրջանը Սահելն է

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/05/2019, 10:05