Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 

21-րդ Դարը Հայերու Դարն է. Արմէն Սարգսեան

Արմէն Սարգսեան Մասնակցած է «Համագործակցութեան Համաշխարհային Համակարգի Փլուզման Վտանգները» Խորագիրով Քննարկման:

Աշխատանքային այցով Ղազախստան գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան՝ Նուր-Սուլթանի մէջ իրականացուող տնտեսական 12-րդ ամենամեայ նիստին ծիրէն ներս՝ մասնակցած է «Համագործակցութեան համաշխարհային համակարգի փլուզման վտանգները» խորագիրով քննարկման:

ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն փոխանցուած տեղեկութիւններով՝ քննարկման թեմաները մասնաւորապէս վերաբերած են աշխարհաքաղաքական նոր փոփոխութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն, նոր ճարտարագիտական յեղափոխութեան հնարաւոր հետեւանքներուն, հակադիր թուացող հասկացութիւններու միջեւ հաւասարակշռութեան:

Պատասխանելով մասնակիցներու հարցերուն՝ նախագահ Արմէն Սարգսեան նշած է, թէ աշխարհը արագ կը փոփոխուի, սակայն պէտք չէ վախնալ այդ փոփոխութիւններէն, քանի որ անոնք կը ստեղծեն նոր հնարաւորութիւններ: «Անոնք, որոնք ունին յստակ տեսլական, թէ ինչ կ՝ընեն, անոնք, որոնք ներդաշնակութեան մէջ են ժամանակի հետ, պիտի շահին: Ինծի համար ասիկա սպառնալիք չէ, ասիկա հնարաւորութիւն է հրաշալի աշխարհ կառուցելու, ուր պէտք է ապրինք: Մարտահրաւէրներ նետող, բայց հետաքրքրական աշխարհ»,-ըսած է Հանրապետութեան նախագահը:

Ան համոզում յայտնած է, որ 21-րդ դարը հայերու դարն է: «Մենք համաշխարհային ազգ ենք, մենք կրնանք փոխուիլ, յարմարուիլ, մենք նորարար ենք»,- ըսած է Արմէն Սարգսեան՝ նկատելով, որ խիստ լաւատեսական տրամադրուած է ապագային հանդէպ:

Պատասխանելով յեղափոխական եղաշրջման մասին հարցին՝ նախագահ Սարգսեան նշած է, որ ճարտարագիտութիւնները կը փոխուին եւ աշխարհը տարբեր կ՝ըլլայ: «Ես համոզուած եմ, որ որեւէ կերպ մենք պիտի կարենանք լուծումներ գտնել ներկայի այն խնդիրներուն համար, որոնց կ՝առերեսուինք: Տարբեր երկիրներ կը զարգանան տարբեր արագութեամբ, կը զարգացնեն տարբեր ճիւղեր: Եւ եթէ կեդրոնանանք ճարտարագիտական նոր սերունդի, արհեստական բանականութեան, մեծ տուեալներու կառավարման վրայ, քանի մը տարի ետք աւելի դիւրին պիտի ըլլայ կողմնորոշուիլ անորոշութիւններով լի աշխարհին մէջ»:

 

Քաղուած «Եռագոյն»-էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/05/2019, 10:19