Որոնել

Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէս Սարգսեան Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Արմէս Սարգսեան 

Նախագահ Սարգսեան. «Կը յորդորեմ, որ սթափութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը գերակայ ըլլան»

«Ոչ ոք պէտք է երկմտանք ունենայ` Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական գործընթացները անշրջելի են»

Աշխատանքային այցելութեամբ Հայաստանէն դուրս գտնուող Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան հետեւեալ յայտարարութիւնը հրապարակեց` վարչապետ Փաշինեանի կոչի վերաբերեալ:

«Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

«Ոչ ոք պէտք է երկմտանք ունենայ` Հայաստանի մէջ թէ անկէ դուրս, որ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ժողովրդավարական գործընթացները անշրջելի են: Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեամբ, իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին: Հետեւաբար, Հայաստանի իշխանութեան ճիւղերը` օրէնսդիր, գործադիր եւ դատական, պէտք է արտացոլացնեն Հայաստանի ժողովուրդին հաւաքական կամքը եւ ծառայեն իրենց սահմանադրական նպատակներուն:

«Ուստի կոչ կ՛ուղղեմ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն, անկախ իրենց ունեցած հասարակական ու քաղաքական դիրքէն եւ պաշտօնէն, պահպանելու հանգստութիւն եւ հանդարտութիւն, պահպանելու Սահմանադրութիւնն ու օրէնքները:

«Ներկայիս աշխատանքային այցելութեամբ գտնուելով արտերկրի մէջ` անընդհատ կապի մէջ եմ համապատասխան պետական մարմիններուն հետ:

«Կը յորդորեմ, որ սթափութիւնը եւ հանդուրժողականութիւնը գերակայ ըլլան այս օրերուն: Աստուած պահապան բոլորիս»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/05/2019, 08:56