Որոնել

Աղօթք Սրի Լանքայի մէջ ահաբեկչութեան զոհերուն Աղօթք Սրի Լանքայի մէջ ահաբեկչութեան զոհերուն 

Սրի Լանքայի մէջ ականահարումներու զոհերուն թիւը կը բարձրանայ

Սրի Լանքայի ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցիներու եւ պանդոկներու դէմ կատարուած յարձակումին զոհերուն թիւը բարձրացած է 290-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 500-ի:

Սրի Լանքայի կառավարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ իսլամական տեղական խմբաւորում մը` միջազգային ցանցի մը օժանդակութեամբ, կանգնած է կիրակի օր երկիրը հարուածած 8 յարձակումներուն ետին:

Սրի Լանքայի ոստիկանութիւնը յայտնեց, որ եկեղեցիներու եւ պանդոկներու դէմ կատարուած յարձակումին զոհերուն թիւը բարձրացած է 290-ի, իսկ վիրաւորներունը` աւելի քան 500-ի: Ոստիկանութիւնը նշեց, որ զոհերուն շարքին են 36 օտարերկրացիներ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երկուշաբթի առաւօտեան զգուշացուց, որ Սրի Լանքայի մէջ ահաբեկչական յաւելեալ յարձակումներ գործելու ծրագիրներ գոյութիւն ունին: Նախարարութիւնը զգուշացուց, որ ահաբեկիչները կրնան անակնկալ յարձակումներ գործել զբօսաշրջական շրջաններու, փոխադրամիջոցներու եւ առեւտրական կեդրոններու դէմ:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ Սրի Լանքայի յարձակումներուն պատճառով շարք մը ամերիկացիներ զոհուած են:

Միւս կողմէ, Սրի Լանքայի ոստիկանութիւնը երէկ առտու հաղորդեց, որ մայրաքաղաք Քոլոմպոյի օդակայանին մօտ ական մը վնասազերծուած է:

Նշենք, որ իշխանութիւնները կիրակի օր 12 ժամ տեւողութեամբ կրակմարի դրութիւն հաստատեցին, արգիլեցին ընկերային ու հաղորդակցութեան ցանցերը եւ ձերբակալեցին 13 կասկածելիներ:

Սրի Լանքայի ազգային ոստիկանութեան պետ Պաժութ Ճայասոնարա 10 օր առաջ զգուշացուցած էր, որ իսլամական Ժամահա Թաուհիտ Ուաթանիա շարժումը մեծ եկեղեցիներու եւ Հնդկական բարձրագոյն ներկայացուցչութեան դէմ յարձակումներ կը ծրագրէ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/04/2019, 09:00