Որոնել

Սիամանթօ Սիամանթօ 

Մեծ Եղեռնից մի քանի ամիս առաջ գրուած Սիամանթոյի անտիպ նամակը

Սիամանթօն փորձում է փրկագին տալով՝ ազատուել թուրքական բանակից: Ռ. Պազարճեանն իր օգնութիւնն է առաջարկում նրան.

Չարենցի անուան գրականութեան եւ արուեստի թանգարանի (ԳԱԹ) արխիւում, Ատոմ Եարճանեանի՝ Սիամանթոյի ֆոնդում գրողի ձեռքով գրուած անաւարտ գործերի պատառիկներ, թարգմանութիւններ, նամակներ, սեւագրութիւններ կան: Սիամանթոյի արխիւով, ձեռագրերի վերծանութեամբ, ի թիւս այլ մասնագէտների, զբաղուել է նաեւ գրականագէտ Արփիկ Աւետիսեանը, որի անձնական արխիւում շատ են տարբեր բանաստեղծութիւնների վերծանութիւններն ու համեմատութիւնները՝ նախնական տեքստը աւարտուն տեքստի հետ: Արխիւում, ի թիւս այլ նիւթերի, կան նաեւ նամակներ: Դրանցից մէկն ուղղուած է բանասէր, փիլիսոփայական գիտութիւնների դոկտոր Ռաֆայէլ Պազարճեանին:

Իտալիայի Պատու քաղաքում բնակուող Ռաֆայէլ Պազարճեանը Սիամանթոյի տաղանդի երկրպագուներից էր եւ գտնում էր, որ նա այն հայ գրողն է, որն արժանի է ներկայացուելու Նոբելեան մրցանակի:

«1914թ., Մարտի 6,

Մեծարժէք բանաստեղծ,

Պիտի փափաքէի, որ ձեր եւրոպական հայրենակիցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրենք, որպէսզի զձեզ Premie Nobel-ի՝ իբրեւ բանաստեղծ, թեկնածու ներկայացնեն եւ առաջարկեն:

Այդ մրցանակին իսկապէս արժանի էք: Եւրոպա ձեզմէ ոչ աւելին ու ձեզի պէս քիչ բանաստեղծներ արտադրուած է: Եթէ բախտաւոր ըլլաք, այդ պարագային հայութեանն ալ մեծ պատիւ կը բերէք այդ մրցանակի ստացումով:

Խանդավառ մաղթանքներս հիացմունքով՝ ձերդ դոկտ. Ռ. Պազարճեան»:

Սակայն նոյն թուականի Յուլիսի 28ին սկսւում է Առաջին Համաշխարհային պատերազմը, եւ Թուրքիայում՝ բանակ զօրակոչելու պատրուակով, սկսւում է 20-45 տարեկան հայ տղամարդկանց զօրակոչը:

Սիամանթօն փորձում է փրկագին տալով՝ ազատուել թուրքական բանակից: Ռ. Պազարճեանն իր օգնութիւնն է առաջարկում նրան.

«20 Օգոստոս, 1914, Պատու,

Սիրելի Սիամանթօ,

Թերթերէն կ՛իմանամ, որ Օսմանեան կառավարութիւնը անխտիր զէնքի տակ կը հրաւիրէ մինչեւ 45 տարեկան արուները: Եթէ երբեւէ դուք ալ զինուորագրութեան ստիպուիք, հաճեցէք համարել զիս մին անոնցմէ, որ անմիջապէս պատրաստ է դրամական հատուցումով վճարելով զձեզ՝ այս բեռէն ազատելուն: Այդ առթիւ ես իմ բաժինս բերելու մէջ շատ ուրախ եմ: Խնդրեմ, գրեցէք ձեր լուրերը եւ ընդունեցէք սիրալիր բարեւներս: Ձերդ՝ դոկտ. Պազարճեան»:

Սիամանթօն պատասխանում է.

«Սիրելի դոկտ. եւ թանկագին բարեկամ, այս յուսահատութեան, զզուանքի, անկարելի ստրկութեան, պոռնիկ համակերպումի եւ իմ բառարանէս եւ ձեր բառարանէն բացակայ ամէն հայհոյանքի արժանի օրերուն մէջ ձեր փոքրիկ քարթը իր մեծ սրտով ինձի մտածել տուաւ, թէ դեռ ՄԱՐԴԵՐ, բարեկամներ կան… բայց իմ ցաւէս առաջ՝ ցեղիս ու ցեղիդ ցաւէն խօսիմ… բովանդակ ծաղիկ հայ երիտասարդութեան կերան բորենիները, զինուոր տարին: Ահաւոր խուճապ… գաւառներէն մարդ չեն ձգեր. մինչեւ 45 տարեկան… դէպի մահ, դէպի ստոյգ մահ, ոչ պատերազմի մէջի մահէն, այլ անօթութեան…

Ամբողջ Թուրքիան անօթի է, այլեւս հայ եւ յոյն վաճառական կամ վաճառականութիւն չի մնաց: Կառավարութիւնը բոլորն ալ հաւաքեց, թալանեց, կողոպտեց եւ գրաւեց, նոյնիսկ՝ ստացագիր չտալով: Ամէն կողմ գրաւում. ոչ թէ ալիւր կամ կերպաս, այլ ինչ որ գտնեն հայ եւ յոյն վաճառականին քով: Պոլիս եւ ամէն տեղ՝ նոյն բանը: Քրիստոնեայ թաղերու փուռերէն ալիւրը կը կողոպտեն երկու միլիոն զօրքի համար եւ իսլամ թաղերը կը տանին…

Չէք կրնար եւ նամանաւանդ ես, որ ներկայ եմ ու ջիղերս կայծակի խուրձի մը վերածեր են, չեմ կրնար երեւակայիլ կամ գրել ինչ որ կը դառնայ այս անիծեալ երկրին մէջ… Ես հիւանդ՝ անկողին ինկայ, քանի մը բարեկամներ, այո, բարեկամներ, եւ ոչ «ընկերներ», ինչպէս պիտի մտածէիք՝ ոտքի ելան ինծի համար 43 ոսկի ճարելու: Ամէն դուռ զարկին. ոչ ոք դրամ ունի. պանքերը փակ են, եւ սրտերը երբեք բացուած չեն…

Մուրհակներով, ստորագրութիւնով, պատուոյ խօսքերով եւ վազելով ու նորէն վազելով, մուրալով, վռնտուելով եւ նորէն մուրալով ճարեցինք եւ տարինք իմ փրկանքս՝ խօսք տալով ոչ մէկ կամ երկու ամիսէն պիտի տանք այդ գումարը անոնց, որոնցմէ կորզեցինք:

Ահա վիճակս: Ամերիկա գրեցինք, բայց մեծ յոյս չունիմ, որ բան մը ղրկեն: Չի մոռանամ ըսելու, որ հինգ ոսկի է տուեր աղքատ կին մը՝ Սիամանթօն փրկելու համար… եւ իրեն պահեր է իր միւս հինգ ոսկին՝ ամբողջ ունեցածի կէսը ես կ՛ուզէի փախչիլ, բայց քանի-քանիներ բռնուեցան եւ հրացանազարկ եղան…

Հիմա կը մնայ ինծի, եթէ քիչ մը դրամ ունենամ եւ եթէ թոյլ տան, որովհետեւ վճարողներն ալ չեն կրնար Պոլիսէն դուրս ելլել: Պոլիսէն պիտի փախչին, ալ չի դառնալու երդումով: Ո՞ւր պիտի երթամ, այդ չեմ գիտեր, բայց աւելի լաւ է ուրիշ տեղ ծառայ ըլլալ, քան թէ «բորենիներու» բանակի մէջ՝ զինուոր…

Ուրկի՞ց պիտի գայ մեր փրկութիւնը… խորհուրդ տուէք, թէ մնամ հոս, երկրորդ զօրակոչին սպառնալիքին տակ: Թէ՞ ամէն բան յանձն առնելով՝ փախչիմ Պոլիսէն… նորէն ծուղակն եմ ինկած եւ գերագոյն յոյսերուն եւ գերագոյն աստուածներուն պէտք է ապաւինել: 5 Սեպտ. 1914թ.» (բնօրինակը՝ ԳԱԹ արխիւում, Սիամանթոյի ֆոնդում):

Յետոյ Ցեղասպանութիւնն էր…

Քաղուած Ասպարէզ կայքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/04/2019, 08:28