Որոնել

Սուրբ գիրք Սուրբ գիրք 

Ոչ եւս է Հ.Անդրէաս վրդ. Հարմանտիկեան՝ Մխիթարեան ուխտէն:

Հայր Անդրէաս արդէն ուսանողութեան շրջանին կը սիրէր նիւթական գործերով զբաղիլ, ամառը պարտէզի աշխատաքներ կը կատարէր եւ ձմեռը կ՝օգնէր երէց վարդապետներուն մասնաւորաբար վանքի յատուկ ըմպելի՝ Մխիթարինի գործերուն մէջ:

Աստուած, կեանքի եւ մահուան Տէրը, իրեն կանչեց իր ծառան Հ.Անդրէաս վրդ. Հարմանտիկեան, երկուշաբթի, 1 ապրիլ 2019, առաւօտեան ժամը 5,30-ին:

Հ. Անդրէաս վրդ, մկրտութեան անունով Յարութիւն, ծնած է Պէյրութ, 8 օգոստոս 1947: Նախակրթական ուսումը կատարած է տեղւոյն Մեսրոպեան վարժարանի մէջ, յետոյ Մխիթարեան վարժարանի մէջ պատրաստութեան շրջան մը անցընելէ վերջ՝ 1 յունիս 1960-ին ուղարկուած է Վիեննա, Մխիթարեան վանք՝ որպէս դպրեվանքի աշակերտ:

Դպրոցական ուսումը աւարտելէ եւ տարի մը նորընծայութեան փորձի շրջան մը կատարելէ վերջ՝ 5 մարտ 1967-ին, կրօնաւորական ուխտերով անդամագրուած է Մխիթարեան միաբանութեան: Իմաստասիրական եւ աստուածաբանական ուսումը կատարած է Վիեննայ պետական համասարանի մէջ եւ 20 մայիս 1971-ին, Հայր Մեսրոպ արքեպ. Հապոզեան աբբահօր ձեռքով օծուած է կուսակրօն քահանայ:
Հայր Անդրէաս արդէն ուսանողութեան շրջանին կը սիրէր նիւթական գործերով զբաղիլ, ամառը պարտէզի աշխատաքներ կը կատարէր եւ ձմեռը կ՝օգնէր երէց վարդապետներուն մասնաւորաբար վանքի յատուկ ըմպելի՝ Մխիթարինի գործերուն մէջ:

Օծուելէն վերջ ան արդէն պաշտօնով նուիրուեցաւ զանազան գործերու՝ նախ նշանակուելով որպէս օգնական, յետոյ գլխաւոր պատշօնեայ: Տարիներու ընթացքին Հ. Անդէաս վարեց միաժամանակ զանազան պաշտօններ՝ որպէս Միթարանի պատասխանատու, միաբանութեան ընդհանուր գործակալ, տպարանի վարիչ, ընդհանուր վարչութեան անդամ եւ կարճ ժամանակ մը Վիեննայի մենաստանին մեծաւոր: Հ. Անդրէաս միշտ նուիրուելով կատարեց իր գործերը, ան չէր կրնար անգործ նստիլ, յոգնիլ չէր գիտեր եւ այդպէս շարունակեց իր աշխատանքը մինչեր որ ստիպուած է արդէն Ողորմած եղբայներուն խնամատունը փոխադրուիլ:

Հ. Անդրէաս իր կեանքի վերջին մէկուկէս տարին անցուց ծերանոցի մէջ, արդէն քալեր չէր կրնար, հիւանդի կառքով կը շարժէր, իսկ վերջին ամիսներուն բոլորովին անկողին գամուեցաւ եւ հազիւ կրնար երկու բառ խօսիլ: Բայց երբեք հիւանդութեան համար չգանգատեցաւ եւ միշտ հարցնողներուն կը պատասխանէր.- Ամէն բան լաւ է»:
Հանգուցեալ Հօր մարմինը հինգշաբթի, ապրիլ 11-ին, ժամը 10-ին կը բէրուի Մխիթարեան վանքի եկեղեցին, ուր տեղի կ՝ունենայ եկեղեցւոյ կարգը: Ապա կը փոխադրուի Վիեննայի կեդրոնական գերեզմանոց՝ ուր տեղի կ՝ունենայ թաղման կարգը:

Հայր Վահան Վրդ Յովակիմեան:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2019, 10:52