Որոնել

Եռագոյն Եռագոյն 

Նիկոլ Փաշինեան Եռաբլուրի մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Ապրիլեան պատերազմին զոհուած հերոսներու յիշատակին:

Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորներու կողմէ մատուցուած է հոգեհանգստի արարողութիւն:

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ՀՀ ԱԺ նախագահ Արարար Միրզոյեան, կառավարութեան անդամներ, պատգամաւորներ, բարձրաստիճան զինուորականներ Ապրիլ 2-ին այցելեցին «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն` յարգանքի տուրք մատուցելու ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի ընթացքին Հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու ժամանակ անձնուիրաբար զոհուած հերոսներու յիշատակին, ծաղիկներ խոնարհած անոնց շիրիմներուն:
Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ սպասաւորներու կողմէ մատուցուած է հոգեհանգստի արարողութիւն:
Նիկոլ Փաշինեան, Արարատ Միրզոյեան ծաղիկներ խոնարհած են նաեւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի, զօրահրամանատար, պետական գործիչ Անդրանիկ Օզանեանի շիրիմներուն: Ծաղկեպասակ դրուած է նաեւ Անյայտ կորած ազատամարտիկներու յուշակոթողին:

Քաղուած Եռագոյն կայքէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/04/2019, 11:50