Լիբանան. Հարիսայի Սրբավայրը Լիբանան. Հարիսայի Սրբավայրը 

Մամլոյ ասուլիս` Լիբանանեան-Հայկական բարեկամութեան յուշակոթողին մասին

Ընդհանուր առմամբ, քանդակը կը խորհրդանշէ հայ ազգի հաւատքը` մարդկային արդարութեան եւ բարութեան նկատմամբ եւ անոր յոյսը` ատելութեան եւ քանդումի ուժերուն դէմ մարդկութեան տանելիք յաղթանակին

Երեքշաբթի, 9 ապրիլի յետմիջօրէին Ժեհթաուիի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին Սարգիս Նաճարեան եւ Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան տեղեկութիւններ տուին Ճիւնի-Թրիփոլի մայրուղիին եւ Հարիսայի ճամբու խաչմերուկին վրայ տեղադրուած Լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան յուշակոթողին մասին, որուն բացման արարողութիւնը պիտի կատարուի ուրբաթ, 12 ապրիլին, կաթողիկէ հայոց պատրիարք Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին նախագահութեամբ, Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշի ներկայութեամբ եւ բարերարներ տէր եւ տիկին Գրիգոր Ճապուրեանի մասնակցութեամբ:

Սարգիս Նաճարեան անդրադարձաւ նման նախաձեռնութեան մը նպատակին` դիտել տալով, որ անիկա նուիրուած է զոյգ առիթներու` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-հայկական բարեկամութեան: Ան նաեւ խօսեցաւ Ճիւնիի քաղաքապետ Ժուան Հպէյշի եւ քաղաքապետական խորհուրդին հետ գործակցութեան փուլերուն, ինչպէս նաեւ քանդակի իրագործման ընթացքին` նշելով, որ, թէեւ նախատեսուած էր զայն աւարտին հասցնել աւելի կանուխ, սակայն տարբեր պատճառներով կարելի չեղաւ 100-ամեակին տեղադրել զայն:

Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան մանրամասն տեղեկութիւններ տուաւ յուշակոթողին մասին, որուն հեղինակը Աղասի Պօղոս Թասլաքեանն է: Անոր հիմնական շինանիւթը մարմարն է, օգտագործուած երկրորդ նիւթը` լիբանանեան քարը, մէկ փոքր մասնիկը` ոսկեջրած պրոնզ, կը գրաւէ շուրջ 15 քառ. մեթր տարածութիւն, գետնէն մինչեւ բարձրագոյն կէտը` քանդակին հասակը 4 մեթր է:

Քանդակը կը բաղկանայ չորս մասերէ` յօրինուածքի եւ իմաստի մէկ ամբողջութեան մէջ. առաջինը` բարձրադիր մասը, կը պատկերէ երիտասարդ տարիքի մարդկային կերպար մը, որ գետնի ապառաժները ճեղքելէն սլացիկ կը բարձրանայ` գլուխէն վեր դիրքով ափերուն մէջ լուսաւորուած ծիլ մը պարզելով: Կերպարը մարմարեայ է: Երկրորդը` ցածրադիր մասը, կը պատկերէ պատանեկան տարիքի մարդկային կերպար մը` վճռական եւ պինդ կեցուածքով: Անոր կեցուածքի պնդութեան յառաջացուցած արգելքին բերումով է, որ հողը կը ճեղքուի դէպի դուրս եւ բարձրադիր մասի կերպարը դուրս կու գայ անոր տակէն. այս եւս մարմարեայ է: Երրորդը յօրինուածքի ստորին մասն է, բարձրադիր մարդկային կերպարի երկու կողմերուն, ճեղքուած ընդերքի ապառաժներն են, որոնք տաշուած են լիբանանեան քարէ, իսկ չորրորդ բաժինը բարձրադիր մարդկային կերպարի ափերուն մէջ գտնուող ծիլն է, որ ոսկեջրած պրոնզէ է:

Մեսրոպ ծ. վրդ. Թոփալեան բացատրեց, որ մարդկային բարձրադիր կերպարը կը խորհրդանշէ Հայ դատի արդարացիութիւնը, հայ ժողովուրդին պահանջատիրութիւնն ու վերապրումի որոշումը` յանուն ամբողջ մարդկային քաղաքակրթութեան, մարդկային ցածրադիր կերպարը կը խորհրդանշէ միջազգային արդարութիւնը, ապառաժները` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ուրացումն ու անարդարութիւնը, իսկ ճեղքուածքը` արդարութեան հաստատման ճամբով զանոնք յաղթահարելու յոյսը: Ոսկեայ ծիլը կը խորհրդանշէ կենաց ծառը, հայութեան վերապրումը, հոգեւոր արժէքներու յարատեւումը. անիկա ունի լիբանանեան մայրիի ձեւը` խորհրդանշելու համար Փիւնիկի երկրին մէջ Եղեռնի սուրբ նահատակներուն ժառանգորդներուն վերապրումը եւ Լիբանանի հանդէպ հայ ժողովուրդին երախտագիտութիւնը:

Ընդհանուր առմամբ, քանդակը կը խորհրդանշէ հայ ազգի հաւատքը` մարդկային արդարութեան եւ բարութեան նկատմամբ եւ անոր յոյսը` ատելութեան եւ քանդումի ուժերուն դէմ մարդկութեան տանելիք յաղթանակին, որուն մաս կը կազմէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի յարգումն ու պահպանումը եւ Հայ դատին նկատմամբ արդարութեան իրականացումը: Անիկա կը խորհրդանշէ հայուն ստեղծագործ ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ եւ անոր կառչածութիւնը` այս երկրին, իբրեւ մշտանորոգ ապրումի յենարան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/04/2019, 09:54