Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Մեսրոպեանը ՄԱԿ-ի աշակերտական մրցումին դասուեցաւ առաջնակարգ 20-ին մէջ:

Մրցումին Մեսրոպեանը ներկայացաւ 5 խմբակներով` 2-ը բարձրագոյնէն, 3-ը` արուեստից վարժարանէն:

Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու աշակերտական միացեալ խումբը պատուաւոր տեղ գրաւեց այս տարուան “Sustainable Minds” աշակերտական համալիբանանեան մրցումին, որ կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի Global Compact Network –ին եւ Լիբանանի կրթական նախարարութեան կողմէ. մասնակից աւելի քան 150 դպրոցներէն զատուեցաւ առաջնակարգ 20-ը, որուն մէջ տեղ գրաւեցին նաեւ մեր աշակերտները:

Մրցումին Մեսրոպեանը ներկայացաւ 5 խմբակներով` 2-ը բարձրագոյնէն, 3-ը` արուեստից վարժարանէն: Իւրաքանչիւր խումբ ներկայացուց իր պատրաստած վիտէօ աշխատանքը, իւրաքանչիւրը 2 վայրկեան տեւողութեան: Վիտէօները նուիրուած էին ջուրի մէջ կենդանական աշխարհի, այր եւ կնոջ հաւասարութեան, անօթութեան, աղքատութեան եւ առողջութեան խնդիրներուն, որոնք մաս կը կազմէին կազմակերպիչ մարմնին հաստատած այն գլխաւոր 17 խնդիրներուն, որոնք կը ծառանան մարդկութեան առջեւ ներկայիս:

Մրցումին մասնակցութիւնը դաստիարակչական մեծ փորձառութիւն մը եղաւ մեր աշակերտներուն համար: Մեսրոպեանի մասնակցութիւնը այս մրցումին պիտի ստանայ կանոնաւոր բնոյթ, համաձայն` աշակերտներու գիտական զարգացումը քաջալերելու վարժարանի գործելակերպին:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2019, 09:17