Սնունդի պակասը Սնունդի պակասը 

2018 Թուականին ընդհանուր առմամբ շուրջ 113 Միլիոն անձ տառապած է սովէն։

2017 Թուականին ցուցանիշը կազմած է 124 միիոն

2018 թուականին շուրջ 113 միլիոն հոգի աշխարհի 53 երկրի մէջ պարէնի սուր կարիք զգացած է։ Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէսը», ըսուած է Եւրոմիութեան, ՄԱԿ-ի Պարէնամթերքի եւ գիւղատնտեսութեան կազմակերպութեան (ՖԱՕ) եւ ՄԱԿ-ի Պարէնաւորումի համաշխարհային ծրագրի պատրաստած զեկոյցին մէջ,  ուր նշուած է որ այդ մարդոց գրեթէ երկու երրորդը կը բնակի Աֆղանիստան, Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութիւն, Եթովպիա, Նիժերիա, Հարաւային Սուտան. Սուտան. Սուրիա եւ Եմէն։

 2017 Թուականին ցուցանիշը կազմած է 124 միիոն, այսպիսով խիստ քաղցի ենթարկուած մարդոց թիւը 2018 թուականին նուազած է 8.8 տոկոսով, հաղորդած է »Ինթերֆաքսը»։

Քաղուած «Զարթօնք» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/04/2019, 09:05