Գալուստ Կիւլպէնկեան Գալուստ Կիւլպէնկեան 

Գալուստ Կիւլպէնկեանի տարին Գալուստ Կիւլպէնկեանի ՝ ծննդեան 150-ամեակին առթիւ։

Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան օրը՝ Մարտ 23-ին Հիմնարկութեան Լիզպոնի կեդրոնատեղիին մէջ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ 150-ամեակի բացման արարողութիւնը։

Նոր Յառաջ – Լիզպոնի մէջ 2019 տարին կը հանդիսանայ Գալուստ Կիւլպէնկեանի տարին։ Արդ, Գալուստ Կիւլպէնկեանի ծննդեան օրը՝ Մարտ 23-ին Հիմնարկութեան Լիզպոնի կեդրոնատեղիին մէջ մեծ հանդիսութեամբ կատարուեցաւ 150-ամեակի բացման արարողութիւնը։ Ամբողջ տարուան ընթացքին զանազան անդրադարձներ, գեղարուեստական ելոյթներ, դասախօսութիւններ, հանդիպումներ, ցուցահանդէսներ տեղի պիտի ունենան՝ վերայայտնաբերելու Կիւլպէնկեանի ժառանգութիւնը՝ որուն կազմակերպութեան մէջ մեծ է անոր ծոռան՝ Մարթին Էսաեանի եւ Հայկական համայանքներու բաժանմունքի տնօրէն՝ Ռազմիկ Փանոսեանի դերակատարութիւնը։

Յատուկ շեշտ դրուած է Փորթուկալի երիտասարդութեան վրայ, որ առիթը պիտի ունենայ մօտէն ճանչնալու 20-րդ դարու եզակի եւ ամենէն իւրայատուկ դէմքերէն մէկուն կեանքը, նկարագիրը, գործունէութիւնը, դարաշրջանը։ Ան որ անջնջելի հետք ձգած է Փորթուկալի ազգային ու մշակութային կեանքին մէջ, այնտեղ հաստատելով իր հիմնարկութիւնը։ Այս առթիւ «Quem é Calouste concurso»-ի (Ո՞վ է Գալուստը մրցումին) սկիզբը տրուած է Յունուար ամսուն, որ աւարտած է Փետրուար 24-ին: 457 դիմում եղած է։ Մասնակցողներուն թիւն է շուրջ 1.ՕՕՕ։ Իսկ «Ի՞նչ ըսել է աշխարհաքաղաքացի ըլլալ» վիճարկումը տեղի ունեցաւ Մարտ 23-ի յետմիջօրէին, 1ՕՕ ուսանողի ներկայութեամբ:

Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան նախաձեռնութիւնները մէկ առ մէկ կ՚անդրադառնան հիմնադիրի կեանքին, բազմաշերտ գործուէութեանց մշակութային ու պատմական բազմաթիւ եւ լայնածաւալ երեսակներուն՝ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի խաչմերուկին։

Ծնած է Սկիւտար, Օսմանեան կայսրութեան տիրապետութեան օրերուն, սակայն իր կեանքը ապրած է Եւրոպայի մէջ՝ Անգլիա, Ֆրանսա, Փորթուկալ։ Անոր գործունէութեան ծիրը սահման չէ ունեցած. կեդրոնական դեր խաղացած է 20-րդ դարուն սկիզբը ձեւաւորուող քարիւղի մեծ ընկերութիւններու կազմաւորման մէջ։ Յատկապէս մեծ ներդրում ունեցած է Իրաքի քարիւղի արտահանման գործին մէջ։ Ան, իր ժամանակին ամենէն մեծ հարստութիւն դիզած անձն է ըստ Ճոնաթան Գոնլինի հրատարակած վերջին կենսագրական աշխատասիրութեան՝ «Mr Five Per Cent»-ին։

Կիւլպէնկեան թէեւ գործատէր մըն էր, բայց միաժամանակ բնութեան հրաշալիքներուն՝ թռչուններու, բուսաբանութեան, տիեզերագիտութեան մեծ սիրահար մը եղած է։ Գեղարուեստի գործերը ճանչցող եւ հաւաքող մը, բայց մա՛նաւանդ բարերար մը՝ մարդկային մտքի զարգացումով եւ ստեղծագործութեամբ հմայուած, անխոնջ ուսումնասիրող մը՝ անցեալի մեծագոյն քաղաքակրթութիւններու թողած յուշակոթողներուն եւ ճարտարապետական կառոյցներուն։ Աշխարհաքաղաքացի մը՝ իր հայեացքով եւ գործունէութեամբ։

Ան, իր հարստութեան 98-99 տոկոսը ժառանգ թողած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան, որ տարեկան շուրջ 300 միլիոն տոլարի եկամուտ կ՚ապահովէ, որուն 2-3 միլիոնը կը յատկացուի Հայկական համայնքներու բաժանմունքին։ Հաստատելով Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութիւնը, հիմնադիրը նպատակ ունեցած է գործելու հիմնական չորս ոլորտներու մէջ՝ արուեստ, գիտութիւն, կրթութիւն եւ բարեսիրութիւն։ Իր կեանքին ընթացքին ջանացած է այս չորս կալուածներուն մէջ ինքզինք զարգացնել, սորվիլ, գործել եւ իր ժառանգութիւնը կտակել այս ոլորտներու յառաջխաղացումին։

Հանդիսութիւններու՝ տարուան յայտագիրը

Կիւլպէնկեանի 150-ամեակի հանդիսութիւնները սկսան անոր կեանքին նուիրուած «Mr Five Per Cent» գիրքին շնորհահանդէսով՝ Լիզպոն, Լոնտոն եւ հուսկ Փարիզ՝ Մարտ 13-ին։ Այս հրատարակութիւնը առիթ տուած է հրապարակախօսական ու պաշտօնական բազմաթիւ հակադիր մեկնաբանութիւններու, որոնց ընթացքին հանրութիւնը ծանօթացած է նոր յայտնաբերումներու՝ հիմնադիրին կեանքին ու աշխատանքին մասին, բայց մա՛նաւանդ լուսաբանուած են Հիմնարկութեան հիմնադրութեան խնդրայարոյց զանազան ծալքերը, որոնք ցարդ չէին դրսեւորուած, ինչ որ հասարակական կարծիքին մէջ տարբեր մեկնաբանութիւններու առիթ տուած էր։

Փետրուար 15 եւ 16-ին կայացած են դասախօսութիւններ, նուիրուած՝ Կիւլպէնկեանի հաւաքած արուեստի գործերու (1900-1950) ընտրութեան եւ աշխատանքի ձեւին, հետաքրքրութիւններու սահմանին, արուեստի գործ մը գնելու զանազան բանակցութիւններուն, մասնագէտներուն հետ զանոնք ստուգելու, գնահատելու եւ արժեւորելու գործընթացին։

Մարտ 23-ին, Լիզպոնի կեդրոնին մէջ առտուան 10-էն մինչեւ երեկոյեան ուշ ժամեր զանազան յայտագրեր ծրագրուած էին, ուր յատկապէս մեծ տեղ յատկացուած էր երիտասարդութեան, որոնք տարբեր ձեռնարկներու ընթացքին ծանօթացան Կիւլպէնկեանի աշխարհաքաղաքացիի տիպարին։ Յայտարարուեցան նաեւ տարեսկիզբին կայացած մրցումներուն արդիւնքները։ Տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութեան արարողութիւնը՝ Հիմնարկութեան մայր համերգասրահին մէջ։ Ցուցադրուեցաւ երիտասարդ խումբերուն պատրաստած տեսերիզը եւ ընթերցուեցան Կիւլպէնկեանի կեանքէն ներշնչուած փոքրիկներու գրառումներ։ Ապա խօսք առաւ Հիմնարկութեան ընդհանուր տնօրէնուհին՝ Իզապէլ Մոթա, որ նաեւ նախագահուհին է Կիւլպէնկեանի կեդրոնական վարչութեան, որուն յաջորդեց Հիմնարկութեան կառավարիչներու խորհուրդի անդամ Մարթին Էսաեանի ելոյթը։ Վերջինս Հիմնարկութեան վերիմաստաւորման եւ նպատակներու վերասահմանումի կոչ ըրաւ հանրութեան եւ մա՛նաւանդ երիտասարդութեան, հիմնուելով բոլոր այն նամակներուն վրայ, զորս իր մեծ-մեծ հայրը՝ Գալուստ յղած էր թոռնիկին՝ Միքայէլին, (Մարթինին հայրը) յիշատակելով այն բոլոր արժէքները, որոնց դաւանած է եւ յայտնաբերած, փորձելով զանոնք կիրարկել իր կեանքին մէջ՝ դիմագրաւելու համար այսօրուան աշխարհի մարտահրաւէրները։

Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ համերգ մը՝ «Մեծ պազար» խումբին կողմէ, որ յատկանշական էր նկատի ունենալով անոնց երգացանկին մէջ ընդգրկուած երգերուն հինգ լեզուները (հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, փորթուկալերէն եւ թրքերէն), որոնցմով Կիւլպէնկեան իր կեանքի ընթացքին խօսած ու հաղորդակցած է։ Այս խումբը իր բազմազգեան ելոյթով Փորթուկալի երիտասարդութեան հրամցուց երաժշտական յօրինումներու փունջ մը, որ մեծապէս գնահատուեցաւ հանդիսատեսին կողմէ։

Նոյն օրը ժամը 17.30-ին տեղի ունեցաւ Կիւլպէնկեանի անունով դրոշմաթուղթերու հրապարակումը՝ Փորթուկալի եւ Հայաստանի պատկան մարմիններուն կողմէ, ներկայութեամբ՝ Մարթին Էսաեանի եւ Հիմնարկութեան տնօրէնութեան։

Կիւլպէնկեանի նուագախումբին կատարողութեամբ ներկայացուեցաւ Տվորժաքի 9-րդ համանուագը եւ Պեթհովէնի 9-րդ համանուագի 4-րդ շարժումը։

Հուսկ բացումը կատարուեցաւ Կիւլպէնկեանին նուիրուած հոյակապ ցուցահանդէսին, կազմակերպութեամբ՝ Հայկական համայնքներու բաժանմունքի տնօրէն Ռազմիկ Փանոսեանի, ուր փորթուկալերէն, հայերէն եւ անգլերէն լեզուներով բացատրութիւններ տրուած էին ներկայացուած իրերուն մասին, զանազան յղումներ կատարելով Գալուստ Կիւլպէնկեանի ընտանիքին, գերդաստանին եւ բարեկամներուն։ Հոն տեղ գտած էին նաեւ անոր նամակները, ճամբորդական նօթերը…։ Բացառիկ երեւոյթ մըն էր, ուր զգալի էր Հիմնարկութեան տնօրէնութեան եւ պատասխանատուներուն մեծ ներդրումը եւ ուր պատշաճօրէն տեղ գրաւած էին նաեւ անոր ընտանիքին եւ հայութեան առնչուած զանազան դրուագներ։

Այս տարուան ընթացքին նախատեսուած են բազմաբնոյթ այլ ձեռնարկներ։ Ապրիլ 5-ին պիտի ներկայացուի Տիգրան Մանսուրեանի «Հոգեհանգիստ»-ը, կատարողութեամբ՝ Կիւլպէնկեանի երգչախումբին եւ նուագախումբին։ Տէլլալեան երրեակը ելոյթ պիտի ունենայ Լիզպոնի սենեկային համոյթին հետ։ Յունիսին թատերական ներկայացում նախատեսուած է՝ «Մարդը իր հազար տուներով» վերնագրով։ Դասախօսութիւններու շարքին հարկ է նշել անոնք որոնք պիտի տրուին «Իսլամական արուեստի սլացքը», «Բարեսիրութեան նոր ուղիները» բնաբաններով։ Գիրքի մը մէջ պիտի ամփոփուին եւ հրատարակուին թոռնիկին՝ Միքայէլին գրած Կիւլպէնկեանի նամակները…։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2019, 08:42