Որոնել

Հ. Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Արա Քեթիպեան Հ. Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Արա Քեթիպեան 

Հարցազրոյց «Հայոց Ցեղասպանութիւն.... (1890-1922)» հատորներու հեղինակներուն հետ։

«Հայոց Ցեղասպանութիւն.. Նախափուլ եւ հետեւանքներ. Ինչպէս հաղորդած են Ամերիկեան յայտնի թերթերը (1890-1922)»

«Հորիզոն»ի զրուցակիցներն են.

Մխիթարեան միաբան Հ. Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան, մասնագիտութեամբ լեզուաբան եւ բանասէր, հեղինակ է երկհատոր իտալերէն-հայերէն եւ հայերէն-իտալերէն զոյգ բառարաններու:

Աւստրալիահայ գրականագէտ-գիտաշխատող Արա Քեթիպեան, Վենետիկի Մխիթարեան Ս. Ղազար մայրավանքի շրջանաւարտ, Պէյրութի «Արարատ» օրաթերթի նախկին աշխատակից, միաժամանակ գրականագիտական յօդուածներու հեղինակ։ Դասաւանդած է Կիպրոսի «Մելքոնեան» վարժարանին մէջ: Ա. Քեթիպեան իր գրականագիտական յօդուածները հրապարակած է «Խճանկար» վերնագիրը կրող ժողովածուին մէջ։

Հ. Վահան Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ Արա Քեթիպեան երկար տարիներ շարունակ իրենց ուժերը միաւորելով, նախաձեռնած են բծախնդիր ու հսկայածաւալ աշխատանք մը, որուն արդիւնքները աննախադէպ են եւ ամփոփուած «The Armenian Genocide. Prelude and Aftermath As Reported in the US Press» խորագիրը կրող բազմահատոր հաւաքածուին մէջ։

Հ.- Հա՛յր Սուրբ, ի՞նչ կ’ընդգրկէ «The Armenian Genocide Prelude and Aftermath» անգլերէն ժողովածուն:

Պ.- «Հայոց Ցեղասպանութիւն. նախափուլ եւ հետեւանքներ» հատորները կը ներկայացնեն 1890-1922 թուականներուն ամերիկեան ամենայայտնի եւ առաջատար վեց թերթերու՝ The New York Times-ի, The Boston Daily Globe-ի, The Chicago Daily Tribune-ի, The Christian Science Monitor-ի, The Los Angeles Times-ի եւ The Washington Post-ի մէջ հրապարակուած հայութեան վերաբերող մանրամասն նիւթեր: Ծրագիրը կը նախատեսէ 10 ծաւալուն հատորներ, որոնք կը կազմեն շուրջ 10.000 էջ։

Աննախադէպ այս աշխատանքը կ՚ընդգրկէ զանգուածային սպանութիւններու երեք հիմնական փուլերը, 1894-1896 թուականներու Համիտեան կոտորածները, Ատանայի կոտորածը եւ «Մեծ Եղեռնը», 1915 թուականի Ցեղասպանութիւնը, եւ այդ կոտորածներուն անմիջական «հետեւանքները», որոնք վերջնականապէս իրենց գագաթնակէտին հասան Հայաստանի մէջ խորհրդային իշխանութեաններու մուծումով:

Առայժմ, Երեւանի մէջ, Մխիթարեան հրատարակչատան կողմէ լոյս ընծայուած են առաջին հինգ հատորները, հազար տպաքանակով, որոնք կ’ընդգրկեն The New York Times (2666 յօդուած), The Boston Daily Globe (1840յօդուած) եւ The Christian Science Monitor (2190 յօդուած) օրաթերթերուն յօդուածները:

The New York Times-ի յօդուածներուն երկհատորին յառաջաբանի հեղինակն է գանատացի քաղաքական գիտութիւններու դոկտ. փրոֆ. Ալան Ուայթհորն։ The Boston Daily Globe-ի յօդուածներուն հատորին յառաջաբանը գրած են ցեղասպանագէտներ Փրոֆ. Israel Charny եւ Steven Jacobs: The Christian Science Monitor-ի յօդուածներուն հատորին յառաջաբանի հեղինակն է նոյնպէս Steven Jacobs:

Հայկական իրականութեան համար այս կարեւոր նախաձեռնութիւնը իրականացուած է տարբեր ձեռներէցներու, կազմակերպութիւններու, անհատ բարերարներու մեկենասութեամբ, եւ հատորները վաճառուելու չեն։

Յաջորդ հինգ հատորներուն աշխատանքները գրեթէ աւարտած են եւ պիտի հրապարակուին մինչեւ տարեվերջ։

Հ.- Պարո՛ն Քեթիպեան, ինչպէ՞ս կը բնութագրէք այս նախաձեռնութեան արժէքը:

Պ.- Այս նախաձեռնութիւնը արգասիքն է տասներկու երկար տարիներու տքնաջան աշխատանքի:

Ի տարբերութիւն այլ հրատարակութիւններու, որոնց մէջ յօդուածները ներկայացուած են լուսապատճէններով, այս ժողովածուին մէջ յօդուածները ներկայացուած են բնագրային մեքենագրուած տարբերակով:

Ինչ կը վերաբերի The New York Times-ի նախորդ հրատարակութիւններուն, ներկայ հաւաքածուն կը տարբերի անոնցմէ աւելի ընդլայնուած եւ ընդգրկուն ժամանակաշրջանով, ինչպէս նաեւ յօդուածներու ծաւալով եւ մասնագիտական մօտեցումով: Այս հատորները օժտուած են մասնագիտական ցանկերով, որոնք կ՚օգնեն ընթերցողին հեշտութեամբ գտնելու որոնուած անձնանուններն ու տեղանունները, իրենց մանրամասնութիւններով եւ ենթախորագիրներով:

Յօդուածներուն մէջ կատարուած են բծախնդիր ճշդումներ, սրբագրելով բնագրային սխալները, նշելով բուն տարբերակները քառակուսի փակագիծերու մէջ: Հատորներուն մէջ տեղ գտած են նաեւ պատմական արժէք ներկայացնող բազմաթիւ լուսանկարներ: Մեր սկզբնական ծրագիրը այսքան ընդարձակ չէր. իւրաքանչիւր հանգրուանի աւելի ընդարձակուեցաւ, ցանկերը աւելի մասնագիտական դարձան, աւելի բացատրական՝ հասնելով իր ներկայի վերջնական վիճակին:

Հ.- Հա՛յր Սուրբ, այս հատորներուն նիւթերը որո՞ւն ուղղուած են:

Պ.- «The Armenian Genocide. Prelude and Aftermath As Reported in the US Press» խորագիրը կրող հատորներուն մէջ տեղ գտած նորութիւնները հայերուն ուղղուած ըլլալէ բացի, ուղղուած են միջազգային հանրութեան ուշադրութեան: Նիւթերը պիտի ծառայեն մասնագէտներու, պատմաբաններու, ցեղասպանագէտներու, նոյնիսկ համալսարանի ուսանողներու՝ տարբեր ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար։ Ընթերցողները՝ այս վաւերագրական նիւթերը կարդալով՝ պիտի տեղեկանան, թէ այդ շրջանի ամերիկեան մեծագոյն թերթերը ի՛նչ գրած են ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան, այլեւ յոյներու եւ ասորիներու կոտորածներուն մասին։

Աշխատութեան առաջին հինգ հատորները արդէն փոխանցուած են Հայաստանի կարգ մը պաշտօնատար անձերու՝ ներառեալ ՀՀ նախագահին, Ցեղասպանութեան թանգարանին, Հայաստանի մէջ գործող կուսակցութիւններու, համալսարաններու, գրադարաններու եւ միութիւններու։Անշուշտ հատորները պիտի ուղարկուին նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու պաշտօնատար անձանց, իսկ ելեկտրոնային տարբերակը աւելի ուշ պիտի տեղադրուի տարբեր հաստատութիւններու կայքերուն վրայ, որպէսզի հնարաւորինս մատչելի դառնայ հանրութեան։

Հ.- Պարո՛ն Քեթիպեան, կը խնդրեմ մանրամասնէք, թէ հատորներուն մէջ տեղ գտած յօդուածները ի՛նչ նիւթեր կը շօշափեն։

Պ.- Ամերիկեան թերթերու հրապարակումները լայնօրէն կ՚անդրադառնան ոչ միայն տեղահանութիւններուն, այլ նաեւ միջազգային ընկերա-քաղաքական անցուդարձերուն, յատկապէս Հայ-Ամերիկեան յարաբերութիւններուն, ԱՄՆ-ի տարածքին գտնուող հայկական գաղութներու կազմաւորման եւ հայորդիներու ձեռք բերած յաջողութիւններուն՝ մարզական, գիտական, մշակութային եւ առեւտրական ոլորտներու մէջ: Կը ներկայացուին մեծաթիւ վաւերագրական արժէքաւոր փաստաթուղթեր Հայ ժողովուրդի տեղաշարժի մասին: Նշուած են նոյն օրերուն Օսմանեան կայսրութեան մէջ գործող Ամերիկեան դպրոցները, այնտեղ յաճախող հայ աշակերտներու անունները, ինչպէս նաեւ տեղեկութիւններ օտար միսիոնարներու ծաւալած հայանպաստ գործունէութեան մասին:

Մանրամասն տեղեկութիւններ կը գտնենք բանտարկուած հայ ուսուցիչներու եւ նոյն ժամանակուան ամերիկացի դեսպաններու եւ հիւպատոսներու մասին, որոնք իրենց վճռական միջամտութեամբ փորձած են զիրենք ազատագրել:

Ներկայացուած են Միջազգային կազմակերպութիւններու ջանքերը՝ փրկելու համար հայ աղջիկները, որոնք բռնի գերեվարուած եւ ուղարկուած էին բազմաթիւ հարեմներու մէջ Օսմանեան կայսրութեան ողջ տարածքին:

Նկարագրուած են Սասունի եւ Զէյթունի ապստամբութիւնները, Պանք Օթոմանի գրաւումը, հայ-թաթարական բախումները, Պաքուի ջարդերը, Վանի, Մուսա լերան, Հաճընի, Մարաշի հերոսամարտերը: Հրատարակուած են նամակագրութիւններ՝ ուղղուած խմբագրութեան, յիշատակուած են Հայաստանի ռազմական եւ քաղաքական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու այցելութիւնները ԱՄՆ. Օրինակ յիշուած են զօրավարներ Անդրանիկ եւ Թորգոմ, որպէս Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան քաղաքական եւ ռազմական դէմքեր: Նկարագրուած է նորաստեղծ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններուն մէջ տիրող սովը:

Զետեղուած են տասնեակ քարտէսներ, որոնք ցոյց կու տան Կովկասի բանակին շարժը, ընդհանուր ցանկեր հայ եւ օտար նուիրատուներու, որոնք դրամական օգնութիւն ցուցաբերած են հայկական զանազան նախաձեռնութիւններու, դպրոցներու, որբանոցներու եւ գաղթականներու։

Հ.- Պարո՛ն Քեթիպեան, ձեր կարծիքով Թուրքիան ինչպէ՞ս պիտի արձագանգէ այս փաստերուն։

Պ.- Քաղաքական գետնի վրայ՝ թէ թուրքերը ինչպէ՛ս պիտի ընդունին այս փաստերը, դժուար է ըսել, սակայն իրականութիւնը այն է, որ տուեալ յայտնի թերթերը այս յօդուածներով, գրախօսականներով, խմբագրականներով, հանրութեան ներկայացուցած են երեսուներեք տարիներու ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, զորս կարելի չէ մերժել։ Թուրք հասարակութեան քաղաքական անձնաւորութիւնները որոշ չափով տեղեակ են՝ յատկապէս ամերիկեան թերթերու մէջ տեղ գտած 1915-ի Ցեղասպանութեան մասին հրապարակուած նիւթերու մասին: Մեր աշխատանքին նպատակը եղած է հանրութեան ներկայացնել այս նիւթերը անաչառ կերպով, արտայայտուած թեր ու դէմ կարծիքներով, դատաստանը ձգելով ընթերցողին։

Եզրակացնելով՝ վստահօրէն կարելի է հաստատելհետեւեալները.

– Հեղինակներուն ազգային նուիրումը, աշխատասիրութիւնը, համբերատարութիւնն ու համեստութիւնը եղած են զիրենք բնորոշող ու այս գործին շուրջ միաւորող մղիչ ուժը, 10 հատորէ բաղկացած այս աշխատութիւնը իր ծաւալով, տարողութեամբ ու ճշգրտութեամբ առաջին կարեւոր նախաձեռնութիւնն է, որ մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ ազգիմըծրագրաւորուածոչնչացումը, տեղահանումը, ինչպէս նաեւ այդ ոչնչացման հերքումը նոյն կազմակերպիչներու կողմէ եւ Ցեղասպանութեան իրականացման պատճառներն ու հետեւանքները:

– Այս փաստագրական նիւթերը կարեւոր են ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն՝ ծանօթանալու պատմական հիմնաւորուած արխիւներու, որոնց միջոցով կարելի է դիմակայել ժամանակակից պետութիւններու կողմէն հովանաւորուող ցեղասպանութեան ժխտումն ու խեղաթիւրումը:

– Արխիւներու այս հսկայական ու ամբողջական ծաւալը համապարփակ աղբիւր է ոչ միայն հայերու, այլեւ՝ ամերիկացիներու, յոյներու եւ ասորիներու համար, տուեալ ժամանակաշրջանին հետ առնչուող տարբեր ուսումնասիրութիւններ իրականացնելու համար։

Նայիրի Մկրտիչեան

 

Քաղուած «Եռագոյն»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/04/2019, 08:30