Որոնել

Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարըը հրդեհի թիրախ: Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարըը հրդեհի թիրախ: 

Փարիզի Նոթր Տամ Տաճարը հրդեհի թիրախ. Ճիզոթթի «մօտիկ ենք եւ կ՛աղօթենք»։

Փարիզի Աստուածամօր տաճարը կառուցուած է 12¬րդ դարուն:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սուրբ Աթոռը մեծ զարհուրանքով եւ տխրութեամբ իմացաւ ահաւոր հրդեհէի լուրը որ աւերեց Ֆրանսայի եւ աշխարհի մէջ քրիստոնէութեան խորհրդանիշ՝ Փարիզի Նոթր Տամ Քադետրալը»։ Այս բառերով է որ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի ժամանակաւոր  տնօրէն՝ Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի արտայայտուեցաւ ի լուր  Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ բռնկած մեծ հրդեհին:

Ճիզոթթի ապա Ֆրանսայի կաթողիկէներուն ու Փարիզի բնակչութեան յայտնեց «մօտիկութիւն ու ապահովեցուց աղօթքներ հրշէջներուն ու բոլոր անոնց որոնք կարելին կ՛ընեն դիմագրաւելու այդ եղերական իրավիճակը»։

Յայտնենք թէ Ֆրասնայի իշխանութիւնները կ’ենթադրեն, որ հրդեհը առնչուած է 850-ամեայ տաճարին մէջ տարուող վերանորոգման աշխատանքներուն:

Փարիզի Աստուածամօր տաճարը կառուցուած է 12¬րդ դարուն: Անիկա տարեկան աշխարհի տարբեր վայրերէն միլիոնաւոր զբօսաշրջիկներու այցելութեան վայրն է:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հրդեհին պատճառով ջնջած է ժողովուրդին ուղղուած ուղերձը, որ կը նախատեսուէր երէկ երեկոյեան: Ան «Թուիթըր»¬ի վրայ գրեց.«Ինչպէս մեր բոլոր հայրենակիցները, ես մեծ տխրութեամբ կը տեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս մեր մէկ մասնիկը կ’այրի»:

Հրշէջ ծառայութեան վարչութեան պատասխանատուներէն մէկը յայտարարած է, թէ կարելի եղած է փրկել տաճարին հիմնական կառուցուածքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/04/2019, 08:00