Որոնել

Հայոց կոտորածը Հայոց կոտորածը 

Թաներ Աքչամի «Սպանութեան հրամաններ…. » գիրքը թարգմանուած է Հայերէն։

Հայաստանի մէջ լոյս տեսած է թուրք պատմաբան, ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի «Սպանութեան հրամաններ. Թալէաթ փաշայի հեռագրերը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը

Հայաստանի մէջ հայերէն թարգմանութեամբ լոյս  տեսած է թուրք պատմաբան, ցեղասպանագէտ Թաներ Աքչամի «Սպանութեան հրամաններ. Թալէաթ փաշայի հեռագրերը եւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքը, ուր ներկայացուած են բացառիկ հեռագիրներ, որոնք կը հերքեն թրքական ժխտողականութեան գլխաւոր թեզը: Անոնք կ՛ապացուցեն, որ եղած են սպանութեան հրամաններ, որոնք տուած է Թալէաթը: Հեղինակին հաւաստիացումով` փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնն ու հրատարակումն ամենածանր հարուածն է թրքական ժխտողականութեան:

«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` գիրքին շնորհանդէսը տեղի ունեցած է Ապրիլ 22-ին Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան կեդրոնին մէջ: Գիրքը լոյս ընծայած է Newmag հրատարակչական ընկերութիւնը:

«Գիտական շրջանակներու մէջ հիմնականօրէն կը շրջանառուի այն դրոյթը, որ Թալէաթ փաշայի հեռագիրները չհաստատուած փաստաթուղթեր են, եւ շատերը չէին նախաձեռներ նորէն սուզուիլ պատմութեան գիրկը ու հեռագիրներու միջոցով գտնել ճշմարտութիւնը: Թաներ Աքչամ ձեռնամուխ եղաւ այդ գործին»,-նշած է գիրքին թարգմանիչ Անդրանիկ Իսրայէլեան:

Ան աւելցուցած է` երբ կը կարդար գիրքը ու կը թարգմանէր զայն, կը հիանար հեղինակին մասնագիտական որակներով: «Աքչամ ուսումնասիրած է նոյնիսկ այն, թէ այդ տարիներուն ինչ թուղթի տեսակներ  կ՛օգտագործէին, կանոնակարգման ինչ ձեւեր կային, ան ճշդած է, թէ հեռագիրներուն մէջ նշուած մարդիկ գոյութիւն ունեցա՞ծ են արդեօք, թէ ոչ»,-ներկայացուցած է թարգմանիչը:

Գիրքին խմբագիր Արմէն Սարգսեան ըսած է, որ գիրքին մէջ կը շեշտուի այն, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը սկսած է ժխտուիլ իրականացման առաջին իսկ վայրկեաններէն:

Հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագիր Գնէլ Նալպանտեան ըսած է, որ աշխատած են պահպանել հեղինակին բարեխիղճ շարադրանքը, փաստերու համադրումը, ճշգրտումը, յստակեցումը եւ ատոնց պատճառահետեւանքային կապերու բացայայտումը:  «Փորձած ենք չմիջամտել որպէս հայեր: Թարգմանելու ատեն կրնաս բառը փոխարինել հոմանիշով, գտնել այնպիսի բառ մը, որ կը բխի քու ցանկութիւններէդ: Չենք տրուած այդ գայթակղութեան ու գիրքը թարգմանած ենք այնպէս, ինչպէս ատիկա պիտի ընէր նորվեգացին, վիեթնամցին եւ այլք: Աքչամ առաջնորդուած է հետեւեալ սկզբունքով` փաստերը համադրել այնպէս, թեզերը կառուցել այնպէս, որ իւրաքանչիւր թեզ պարտադիր ըլլայ ապացուցելու, եւ եթէ ոեւէ մէկը որոշէ հերքել գրուածը, ստիպուած ըլլայ թեզ առ թեզ բոլոր կէտերն ու փաստարկները հերքել եւ առաջ քաշել հակաթեզեր»,-ընդգծած է Նալպանտեան:

«Ինչպէ՞ս որոշեցի գրել այս գիրքը. ամէն ինչ շատ պարզ է: 2015-ին ինձ թոյլ տուին տեսնել Գրիգոր Գերգերեանին պատկանող մասնաւոր  արխիւը: Այնտեղ գտայ փաստաթուղթերը ու այդ պահէն ալ որոշեցի, որ պէտք է հրապարակել զանոնք: Ամենադժուարը օսմանեան կանոնաւորման համակարգէն եւ գաղտնագրուած հեռագիրներէն գլուխ հանելն էր: Օսմանեան պաշտօնեաները կ՛օգտագործէին երկուքէն մինչեւ հինգ նիշ ունեցող կանոնակարգման համակարգեր գաղտնի հաղորդակցուելու համար: Վճռական պահը այդ  կոնոնակարգման  տրամաբանութիւնը հասկանալն էր: Ատոր համար շատ երկար ժամանակ  ու շատ աշխատանք պէտք եղաւ»,- տեսաուղերձի միջոցով պատմեց գիրքին հեղինակ Թաներ Աքչամ:

Անոր խօսքով` սկիզբը ինքը կը ծրագրէր նոր գիրքով ներկայացնել Գերգերեանի արխիւի այն փաստաթուղթերը, որոնք տեղ չեն գտած այս գիրքին մէջ: «Խօսքը Պոլսոյ ռազմական դատարաններուն առնչուող  փաստաթուղթերու մասին է, բայց  որոշեցի բոլորովին այլ քայլ ընել: Բոլոր այն նիւթերը, որոնք հասանելի էին միայն ինծի ես հասանելի դարձուցած եմ բոլորին: Անոնք կրնաք գտնել առցանց: Մենք փաստաթուղթերը դասակարգած, խմբաւորած ու ներկայացուցած ենք երեք բաժինով, օսմաներէն նիւթերը թարգմանած ենք անգլերէն եւ թրքերէն»,-շեշտած է ան:

Աքչամ ըսած է, որ կ՛աշխատի Հայոց Ցեղասպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման գործին մէջ Ճեմալ փաշայի դերը հասկնալու նախագիծին վրայ: «Յայտնի է, որ ան Պոլսոյ մէջ երիտթուրքերու առաջնորդներէն  մէկն էր: Խօսակցութիւններ կան, թէ ան փորձած է փրկել հայերու կեանքը: Կը փորձեմ հասկնալ, թէ անոր իրական դերը ինչ եղած է Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն»,-եզրափակած է ան:

Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման թրքական գլխաւոր փաստարկն այն է, որ տեղահանութեան հրամանէն բացի այլ հրաման չէ եղած, հետեւաբար հայերը մահացած են, բայց ոչ սպաննուած: Մինչդեռ  Թուրքիոի ներքին գործոց նախարար Թալէաթ անձամբ ղեկավարած է հայերու տեղահանումն ու ջարդը: Այդ հրամանները ան հեռագրած է նաեւ Հալէպի մէջ աշխատող թուրք պաշտօնեաներէն Նայիմ պէյին: Նայիմ պէյի հետ Հալէպի մէջ կը ծանօթանայ Տէր Զօրի անապատով անցած եւ հրաշքով փրկուած Արամ Անտոնեանը:  Ան թուրք պաշտօնեային կաշառելով ձեռք կը բերէ պատմական փաստաթուղթերը` Թալէաթի հեռագիրները, ուր Թալէաթ կը հրամայէր սպաննել հայերը: Արամ Անտոնեան 70-է աւելի փաստաթուղթերը Հալէպէն կը տեղափոխէ Փարիզ եւ  1921-ին գիրք կը հրատարակէ: Անտոնեան բոլոր փաստաթուղթերը կը յանձնէ Փարիզի Պօղոս Նուպար գրադարանին: Փաստաթուղթերը գրադարանէն կ՛անհետանան, սակայն երջանիկ պատահականութեամբ հայ կաթոլիկ  հոգեւորական Գրիգոր Գերգերեան 1950-ականներուն պատճէնած էր զանոնք ու իր հետ տարած Միացեալ Նահանգներ: Այդ եզակի արխիւը ոչ ոք ուսումնասիրած էր: Պատմաբան Թաներ Աքչամ 2015 թուականին կը կապուի Գերգերեանի ժառանգներուն հետ եւ կը հասնի այդ արխիւին:

Քաղուած «Հայերն Այսօր»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/04/2019, 09:48