Որոնել

Նոթր Տամ Տաճարը հրկիզուած Նոթր Տամ Տաճարը հրկիզուած 

Փարիզի Աստուածամօր տաճարին վերականգնման համար հարիւրաւոր միլիոն տոլար կը նուիրուի

16 Ապրիլին, դրամահաւաք սկսաւ տաճարի վերականգնման աշխատանքներուն համար եւ ցարդ մօտաւորապէս 700 միլիոն տոլար խոստացուեցաւ

15 Ապրիլի երեկոյեան, Փարիզի Նոթր Տամ տաճարին մէջ սկսած հրդեհը կարելի եղաւ մարել 16 Ապրիլի կանուխ ժամերուն: Հրշէջները կը շարունակեն զովացնել տաքցած կառոյցները, որպէսզի հրդեհը չվերսկսի:

Կարելի եղաւ փրկել տաճարին հիմնական կառոյցը: Հրդեհը մեծ վնաս հասցուց տաճարի տանիքին եւ քանդուեցաւ անոր կեդրոնը գտնուող սրածայր աշտարակը: Հրդեհը մարելու աշխատանքներուն ընթացքին առնուազն մէկ հրշէջ վիրաւորուեցաւ: Կարելի եղաւ տաճարէն դուրս բերել Փշէ պսակը, որ կը կարծուի, թէ խաչելութենէն առաջ եղած է Յիսուսի գլխուն:

16 Ապրիլին, դրամահաւաք սկսաւ տաճարի վերականգնման աշխատանքներուն համար եւ ցարդ մօտաւորապէս 700 միլիոն տոլար խոստացուեցաւ, գլխաւորաբար երեք միլիառատէր ֆրանսացի ընտանիքներու կողմէ: Դրամահաւաքին մասին յայտարարած էր Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն՝ նշելով, որ Աստուածամօր տաճարը «ֆրանսացիներուն պատմութիւնն է, գրականութիւնը եւ հոգիին մասնիկը»:

Իշխանութիւնները կ՛ենթադրեն, որ հրդեհը 850ամեայ տաճարին մէջ տարուող վերանորոգման աշխատանքներուն կ՛առնչուի: Անոր իսկական պատճառը բացայայտելու համար՝ կազմուած է մասնագէտներու 50 հոգինոց մարմին մը։

Քաղուած «Ասպարէզ» էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/04/2019, 07:58