Անիի եկեղեցին Անիի եկեղեցին 

Ըստ CNN-ի` Հայաստան ընդգրկուած է հետիոտն արշաւներու համար լաւագոյն առաջարկող երկիրներու ցանկին մէջ:

Ճափոնական երկարատեւ արշաւային ուղիներէն մինչեւ արժանթինական ջրառատ անտառային շրջաններ:

CNN Travel-ը կազմած է արշաւային զբօսաշրջութեան լաւագոյն երթուղիներու ցանկը, որուն մէջ տեղ գտած են 23 վայր հետիոտն զբօսանքներու համար: Այս մասին կը գրէ Tert.am-ը:
Ցանկին մէջ տեղ գտած է նաեւ Հայաստանը, ուր, ըստ յօդուածագիրին, կը գտնուին Եւրոպայի լաւագոյն արշաւային երթուղիներէն քանի մը հատը:
Ինչպէս կը նշուի, տասնմէկօրեայ արշաւը հնարաւորութիւն կու տայ ծանօթանալու Հայաստանի եւ Մետաքսի ճանապարհի լաւագոյն երթուղիներուն, որոնք կը միաւորեն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պաշտպանութեան տակ գտնուող Սանահին եւ Հաղբատ վանական համալիրները` անցնելով լեռնային արահետներով եւ կանաչ անտառներով` հնարաւորութիւն ընձեռելով հետիոտն արշաւ իրականացնել Գեղամայ լեռներուն մէջ եւ յաղթահարելու Արագածի բարձունքը:
Հայաստանէն բացի, ցանկին մէջ ներառուած են Սպանիան, Անգլիան, ԱՄՆ-ն, Ճափոնը, Արժանթինը, Մարոքոն, Հոնքոնկը, Պութանը, Գերմանիան, Հնդկաստանը, Ուկանտան եւ շարք մը այլ երկիրներ:

Քաղուած Եռագոյն կայքէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/04/2019, 08:27