Հռոմի մէջ նշում Հայոց ցեղասպանութեան 104 տարելիցին։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Չորեքշաբթի 24 ապրիլ 2019 երեկոյեան 5-ին, Հռոմի Սուրբ Նիկողայոսի անուան հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ՝ Հայոց Մեծ Եղեռնի բիւրաւոր նահատակներուն նուիրուած հոգեհանգստեան սուրբ պատարագ, զոր մատոյց Լեւոնեան Քահանայապետական վարժարանի մեծաւոր՝ Գերյարգելի Նարեկ վրդ Նաամոյեան, ի ներկայութեան Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեպաններ՝ Վսեմաշուք Վիքաթորիա Պաղտասարեանի եւ Վսեմաշուք Կարեն Նազարեանի եւ հռոմաբնակ հայերուն եւ իտալացի բարեկամներուն։
Արարողութեան ընթացքին յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացնելով Գերյարգելի Նաամոյեան կարեւորեց յիշողութեան եւ յիշատակի արժէքը՝ հրաւիրելով ներկաները յառաջ ընթանալ մեր նախնիքներու քայլերուն վրայ, վառ պահելով անոնց յիշատակը։
Սուրբ Պատարագի աւարտին ելոյթ ունեցան նաեւ Իտալիոյ եւ Սուրբ Աթոռի մօտ երկու դեսպանները։
Խօսք առաւ նախ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Կարեն Նազարեան որ իր ելոյթին մէջ ի մէջ այլոց ըսաւ….
Ապա իր պատգամը ուղղելով ներկաներուն Իտալիոյ մօտ ՀՀ դեսպան Տիկ Վիքթորիա Պաղտասարեան անդրադարձ կատարեց մի քանի օրեր առաջ Իտալիայի խորհրդարանի կողմէ որդեգրուած հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցնող բանաձեւին։
Սրբազան Արարողութեան աւարտին բոլոր ներկաները թափօրով ուղղուեցան Լեւոնեան Վարժարանի շրջափակին մէջ զետեղուած խաչքարին դիմաց ուր տեղի ունեցաւ Հոգեհանգստեան պաշտօն որ աւարտեցաւ Սոփրանօ՝ Մարինէ Գրիգորեանի կատարողութեամբ «Տլէ Եաման»ի երգով եւ խաչքարի ոտքին վարդերու զետեղումով։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ