Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն 

Մաքրոն ստորագրած Է 24 Ապրիլը Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու հրամանագիրը:

Ըստ հրամանագիրին, ամէն տարուան ապրիլ 24-ին, Փարիզի մէջ պաշտօնական արարողութիւններ պիտի կազմակերպուին:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 10 ապրիլին կատարած է հայ համայնքին տուած իր ընտրական խոստումը` ստորագրելով ապրիլ 24-ը Ֆրանսայի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր հռչակելու մասին հրամանագիրը: «Երկիր» կը հաղորդէ, որ բացի Մաքրոնի ստորագրութենէն, հրամանագիրին տակ կայ նաեւ վարչապետ Էտուար Ֆիլիփի ստորագրութիւնը:

Ըստ հրամանագիրին, ամէն տարուան ապրիլ 24-ին, Փարիզի մէջ պաշտօնական արարողութիւններ պիտի կազմակերպուին, իսկ միւս նահանգներուն մէջ` ըստ տեղական իշխանութիւններու հայեցողութեան:

Անգարա անմիջապէս արձագանգած է այս որոշումին: «Տէօչէ Վելլէ»-ի թրքական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հրամանագիրը Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի եւ Ֆրանսայի Սահմանադրական դատարանի որոշումներու ակնյայտ խախտում է: Նախ եւ առաջ թող իրենց մութ պատմութեան նային: Ռուանտայի ցեղասպանութենէն արդէն քառորդ դար անցած է»:

Ան աւելցուցած է, որ այդ որոշումը Թուրքիոյ համար գոյութիւն չունի, եւ «այդ առնչութեամբ պէտք եղած քայլերը պիտի որդեգրենք»:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2019, 08:26