Ռուանտայի  Ցեղասպանութիւնը Ռուանտայի Ցեղասպանութիւնը 

Ռուանտայի Մէջ Ցեղասպանութեան 25-ամեակի Նշման Համար 100 Օրուան Սուգ Յայտարարուեցաւ։

Երկիրը 100 օր, 1994-ին 800.000 ռուանտացիներու ջարդին տեւողութեան չափ, սուգ պիտի պահէ եւ լուռ պիտի մնայ:

Երէկ Ռուանտայի մէջ ընթացք առին երկրին բնակչութեան շուրջ մէկ տասներորդին կեանքերը խլած Ռուանտական ցեղասպանութեան 25-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկները:

Երկիրը 100 օր, 1994-ին 800.000 ռուանտացիներու ջարդին տեւողութեան չափ, սուգ պիտի պահէ եւ լուռ պիտի մնայ: «Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ հարիւրօրեայ սուգին ընթացքին կ՛արգիլուին խնճոյքները, բարձր երաժշտութիւնը եւ մինչեւ իսկ բարձրաձայն խնդալը:

Նախագահ Փոլ Քակամէ, որ ցեղասպանութեան վերջ տուած ըմբոստներու ուժերու հրամանատարն էր, մայրաքաղաք Քիկալիի մէջ կառուցուած յուշակոթողին առջեւ վառեց զոհերու յիշատակման կրակը, ապա Քիկալիի խորհրդաժողովներու կեդրոնին մէջ խօսք մը արտասանեց:

Ան յայտնեց, որ ցեղասպանութենէն վերապրածներուն տոկունութիւնն ու քաջութիւնը լաւագոյնս կը մարմնաւորեն ռուանտացիներու նկարագիրը:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն կազմեց մասնագէտներէ կազմուած յանձնախումբ մը` հետաքննելու համար ցեղասպանութեան մէջ Ֆրանսայի դերակատարութիւնը:

Ֆրանսան սերտ դաշնակիցն էր Հութու ցեղախումբի ղեկավարութեան կառավարութեան, որուն իշխանութեան օրերուն տեղի ունեցաւ ցեղասպանութիւնը, որուն զոհերուն մեծամասնութիւնը երկրին մէջ փոքրամասնութիւն եղող Թուցի ցեղախումբէն էին:

Ֆրանսա ամբաստանուած է ցեղասպանութեան նախանշանները անտեսելու եւ զայն գործադրած միլիսները մարզելու յանցանքով:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/04/2019, 08:00