Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Մարտ ամսուայ 29-31 Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ տեղի կ՛ունենայ Ընտանիքներուն Համաշխարհային ԺԳ Համագումարը որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն աշխարհի տասնեակ երկիրէ Պետական կառավարիչներ, վարչապետներ, նախարարներ. քաղաքական ու քաղաքացիական գործիչներ ինչպէս նաեւ ընտանիքներու հարցով զբաղող կազմակերպութիւններ։
«Սոյն համագումարը առիթ պիտի հանդիսանայ զրուցելու եւ քննարկելու «ընտանիքին» դիմաց կայացած մարտահրաւէրները ու խթանելու անոր պահանջները ի տես նաեւ մայիսին կայանալիք Եւրոպական Ընտրութիւններուն» ըսած է այս առթիւ «Family day» ղեկավար ու վերոնշեալ Համագումարի կազմակերպիչ կոմիտէի անդամ Տիար Մասսիմօ Կանտոլֆինի։