Որոնել

Լիբանանը 2019-ի ուխտագնացութեան վայր։

Մայրիներու երկիր Լիբանանը բախտը ունեցած է վայելելու երկու քահանայապետերու պատմական այցելութիւնը

Ռոպէր Աթթարեան - Ստեֆանօ Լեվինսքի - Վատիկան

17 -22 մարտ 2019-ին «Opera Romana Pellegrinaggi» ուխտագնացութեամբ զբաղող Վատիկանեան հաստատութիւնը, խումբ մը իտալացի լրագրողներուն համար  կազմակերպած է  յատուկ ճամբորդութիւն մը դէպի Լիբանան, մօտէն ծանօթանալու «պիպլիական» այդ երկրին, տրուած ըլլալով որ «Opera Romana Pellegrinaggi» հաստատութիւնը Լիբանանը յայտարարած է 2019-ի ուխտագնացութեան վայր, ինչպէս նշած է այս առթիւ ճամբորդութիւնը կազմակերպող հաստատութեան գործադիր տնօրէնը Հայր Ռեմօ Քիավարինին։

Ուխտագնացութեան ծիրէն ներս, երկուշաբթի 18 Մարտի երեկոյեան, պատուիրակութեան անդամները առիթ պիտի ունենան,  մասնակցելու Լիբանանի մէջ կառուցուած կաթողիկէ Լատինածէս առաջին եկեղեցւոյ օծման արարողութեան։ Անոնք ապա պիտի այցելեն Լիբանանի յատկանշական վայրեր ու քաղաքներ եւ հանդիպումներ պիտի ունենան երկրին բարձրաստիճան քաղաքական ու քաղաքացիական անձնաւորութիւններու հետ ոտոնց շարքին Լիբանանի Նախագահ՝ Միշել Աուն, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ Մարոնիներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Ռայի։

Լիբանանը արդարեւ հոգեւոր ժառանգութեամբ հարուստ երկիր է։ Այնտեղ միասնաբար կ՛ապրին քրիստոնեայ ու իսլամ հասարակութիւններ, որոնք առօրեայ երկխօսութեան միջոցաւ կ՛ընթանան դէպի յառաջ։ Փոքրիկ երկիր մը, իր 5 միլիոն բնակչութեամբ զոր Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը որակած էր «Արեւելիքի եւ Արեւմուտքի համար բազմակարծութեան  պատգամ»։

Մայրիներու երկիր Լիբանանը բախտը ունեցած է վայելելու երկու քահանայապետերու պատմական այցելութիւնը՝ 1997-ին Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ը եւ 2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ Վաստակաւոր Քահանայապետինը։ Այս կը բացայայտէ նաեւ Սուրբ Աթոռին Լիբանանին վերապահած յատուկ ուշադրութիւնը ինչպէս նաեւ Վատիկանի յանձնառումը՝ այդ երկրի մէջ պահելու եւ պահպանելու անոր իւրայատուկ հաւասարակշռութիւնը։

Լրագրողներու ճամբորդութեան առթիւ Հայր Ռեմօ Քիավարաինին յայտարարած է թէ Լիբանանը հակառակ ամէն ինչի այսօր կը նկատուի ապահով երկիր ու Լիբանան այցելող զբօսաշրջիկը կարող է շրջիլ ազատօրէն երկրին մէկ ծայրէն մինչեւ միւսը։

«Լիբանանը փոքրիկ երկիր մըն է սակայն հարուստ պատմութեամբ ու նախաքրիստոնէական շրջանի հնագիտական վայրերով ինչպէս Պաալպէքը, Սուրը, Սայտան. Ան ապա աշխարհագրական յատուկ գեղեցկութեամբ օժտուած երկիր մըն է իր գեղեցիկ ու վեհ լեռներով եւ իր ծովափով» յայտնած է միշտ «Opera Romana Pellegrinaggi» Վատիկանեան հաստատութեան գործադիր տնօրէնը հաստատելով որ «Լիբանանը Պիպլիական երկիր է, առ այդ բանկան է որ « Opera Romana Pellegrinaggi» Վատիկանեան հաստատութիւնը նկատի առնէ այս մէկը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2019, 13:52