Հայ որբ տեղահաններ Հայ որբ տեղահաններ 

Լացիօ Մարզը ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։

Լացիօ Մարզը կը հանդիսանայ Իտալիոյ տարածքին վրայ 136-րդ խորհրդարանը որ կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւն ճանչցող բանաձեւ մը։

Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդը կը տեղեկացնէ, թէ Երկուշաբթի, 18 Մարտին, Լացիօ մարզի խորհրդարանը միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, որուն միջոցաւ խորհրդարանի անդամները զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն հայ ազգի զաւակներուն եւ պատմական ճշմարտութեան ու մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան ի սպաս անոնց մղած պայքարին։

Հռոմի Հայ համայնքի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած բանաձեւը ներկայացուց Լացիօ մարզի խորհրդարանի անդամ Սերճիօ Փիրոցցի, որ այս առթիւ հայ համայնքին ուղղած իր նամակին մէջ յայտնեց, թէ այս քայլը «ճշմարտութեան ու զօրակցութեան անկեղծ արտայայտութիւն մըն է՝ ի նպաստ ազգի մը, որ զոհ եղած է տեղահանութիւններու ու ահռելի ջարդերու»:

Տիար Փիրոցցի յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ այս քայլը երիտասարդներուն ու ապագայ սերունդներուն համար ըլլայ յստակ պատգամ մը, որ այսպիսի ոճիրներ երբեք պէտք չէ կրկնուին:

Լացիօ մարզի այս որոշումով, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող Իտալիոյ քաղաքային, գաւառային եւ մարզային մարմիններուն թիւը հասաւ 136ի։

Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2019, 08:29