Արցախի հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Հայ Կաթողիկէներու պատրիարքարան այցելութեան ժամանակ: Արցախի հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան Հայ Կաթողիկէներու պատրիարքարան այցելութեան ժամանակ:  

Արցախի հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան հանդիպումներ ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ ու Հայ Աւետարանական հոգեւոր պետերուն հետ:

Կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպումէն ետք Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներն ու անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայկազեան համալսարան :

Աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուած Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանն ու Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանը` ընկերակցութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի, Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեանի եւ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչի խորհրդատու Պետօ Տէմիրճեանի, հանդիպումներ ունեցան Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքի եւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանի հետ:
Կաթողիկէ եւ աւետարանական հոգեւոր պետերուն հետ հանդիպումէն ետք Արցախի Հանրապետութեան ներկայացուցիչներն ու անոնց ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին Հայկազեան համալսարան եւ հանդիպում ունեցան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի հետ:
Այցելութիւն` Պուրճ Համուտի Քաղաքապետարան
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան երկուշաբթի, 18 մարտ 2019-ին, այցելեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան:
Ան տեսակցութիւն մը ունեցաւ քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ քաղաքապետարանի պատասխանատուներու հետ: Պետական նախարարին կ՛ընկերակցէին Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան:
Այցելութիւն` Այնճար
Կիրակի, 17 մարտ 2019-ին, Այնճար այցելեցին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան, Արցախի Շահումեան շրջանի վարչական կազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեան եւ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քեպապճեան:
Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը «Սարգիս Զէյթլեան» Ժողովրդային տան մէջ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէին եւ Այնճարի քաղաքապետ Վարդգէս Խօշեանի հետ: Հանդիպումին քննարկուեցան Այնճարի եւ Արցախի Հանրապետութեան միջեւ համագործակցութեան կարելիութիւնները:

Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութիւնը այցելեց Ս. Պօղոս եկեղեցի եւ Մուսա լերան հերոսամարտի յուշահամալիր, ուր ծանօթացաւ գիւղին ու անոր պատմութեան:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/03/2019, 08:44