Մեսրոպեան Վարժարան Մեսրոպեան Վարժարան 

Կայացաւ վաղամեռիկ ուսուցչուհի Շողիկ Հանտեանի յիշատակին ասմունքի տարեկան մրցումը

“Յովհաննէս Պօղոսեան” սրահին մէջ կայացած մրցումին ներկայ էին ծնողներ եւ տիկին Շողիկին հարազատները:

Կայացաւ վաղամեռիկ ուսուցչուհի Շողիկ Հանտեանի յիշատակին ասմունքի Տարեկան մրցումը:
Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ կայացաւ վաղամեռիկ ուսուցչուհի տիկին Շողիկ Հանտեան-Խաչերեանի յիշատակին նուիրուած ասմունքի համանուն մրցումը, մասնակցութեամբ նախակրթարանի աշակերտներուն: 6 Մարտ 2019-ին “Յովհաննէս Պօղոսեան” սրահին մէջ կայացած մրցումին ներկայ էին ծնողներ եւ տիկին Շողիկին հարազատները:
Մրցումը կայացաւ Ուսուցչաց տօնի հանդիսութիւններու շրջագիծին մէջ. հաշուի առնելով, որ տարին կը զուգադիպի “Ամենայն հայոց բանաստեղծ” Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին, նախակրթարանի հայերէնի ուսուցիչները մասնակիցներուն համար ընտրած էին անոր հեղինակութեամբ քերթուածներ: Մրցումին մասնակցեցան 5-6-րդ դասարաններու 12 աշակերտներ, որոնց բոլորին ալ կատարումներուն մէջ ընդգծուեցաւ լուրջ պատրաստուածութիւնը: Դատական մարմինը, որուն անդամ էին յայտնի ասմունքող տիկին Անի Եփրեմեան, բեմադրիչ Վազգէն Մուղալեան եւ վարժարանի ուսուցիչ պարոն Վաչէ Թազեան, առաջին մրցանակը շնորհեցին 6-րդ դասարանի աշակերտուհի Արտա Ներսէսեանին: Գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան վարժարանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբը, ղեկավարութեամբ պարոն Մանուէլ Քէշիշեանի, եւ երեք աշակերտներ` դաշնամուրի վրայ:
Հանդիսութեան ընթացքին խօսք առին նախակրթարանի պատասխանատու տիկին Սալբի Մուղալեան, դատական մարմնի ներկայացուցիչ տիկին Ա. Եփրեմեան, հանգուցեալ Շողիկ Հանտեանի եղբայրը` Յակոբ Հանտեան եւ հուսկ` Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Անոնց խօսքերուն մէջ տիրական միտքը այն էր, որ նման միջոցառումները կու գան փաստելու, որ վաղամեռիկ ուսուցչուհիին ոգին կենդանի է Մեսրոպեանի մէջ, եւ անոր ցանած սերմերը օր օրի կ’աճին այն գաղափարներով, որոնց ծառայեց ան երկար տարիներ` հաւատքով, անձնուիրաբար եւ ձեռնհասօրէն: Մեսրոպեանի աշակերտները հայերէնի մէջ իրենց ջանասիրութեամբ իրենք է, որ մեծագոյն մեծարումը կը կատարեն Տիկին Շողիկին եւ անոր վաստակին ու կ’անմահացնեն անոր յիշատակը` վարժարանին մէջ:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/03/2019, 08:12