Մեսրոպեան Վարժարանի սաները Մեսրոպեան Վարժարանի սաները 

Մեսրոպեանի Ռոպոթիքսի խումբը նշանակելի յաջողութիւն արձանագրեց VEX

Մեսրոպեանի խումբը գրաւեց մրցոյթի պատուաւոր երրորդ տեղը:

Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի Ռոպոթիքսի խումբը մասնակցեցաւ ռոպոթիքսի VEX մրցումին, որուն հովանաւորն ու կազմակերպիչը Լիբանանի մէջ NDU համալսարանն է: Մեսրոպեանի խումբը գրաւեց մրցոյթի պատուաւոր երրորդ տեղը. յաջողութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ կազմակերպիչներուն կողմէ, տրուած ըլլալով, որ Մեսրոպեանը երկրորդական վարժարան է, մինչ մրցոյթին մասնակիցները կու գային լիբանանեան տարբեր համալսարաններէ: Ռոպոթիքսի դասընթացքը մեր վարժարանին մէջ սկսած էր քանի մը տարի առաջ. անոր նշանակութիւնը ամրապնդուեցաւ ընթացիկ տարուան սկիզբը մեկնարկած կրթական բարեփոխումներուն շնորհիւ, որոնց մէջ յատուկ կարեւորութիւն ընծայուած է աշակերտներու զարգացման` արդի արհեստագիտութեան ոլորտին մէջ: Մեսրոպեանի մէջ ռոպոթիքսի զարգացման եւ քաջալերման մէջ կարեւոր ներդրում ունի Մուքահհալ Հիմնարկը, որ նաեւ նպաստներ կը յատկացնէ վարժարանի կարիքաւոր աշակերտներու հիմնադրամին: Տեղեկատուական գրասենեակ:

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2019, 08:34