Որոնել

Ֆրանսական Կառավարութիւնը Մեսրոպեանին շնորհեց “Label CELF” Ֆրանսական Կառավարութիւնը Մեսրոպեանին շնորհեց “Label CELF” 

Ֆրանսական Կառավարութիւնը Մեսրոպեանին շնորհեց “Label CELF”

Մեսրոպաւանը առաջին հայկական վարժարանն է որ կ՛արժանանայ այդ վկայագիրին։

18 Մարտ 2019-ին, եօթ տարուայ համատեղ աշխատանքի իբրեւ արդիւնք` ֆրանսական պետութիւնը ներկայացնող Institut Français-ը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին  շնորհեց “Label CELF “-ը (Certification des Etablissements en Langue Française)”, որ հեղինակաւոր վկայագիրն է վարժարանին մէջ ֆրանսերէնի ուսուցման գերազանց որակին ու մակարդակին:

ՀԿՄ “Յովհաննէս Պօղոսեան” սրահին մէջ, պատմական նշանակութեան հանդիսութեան մը ընթացքին, “Label CELF “-ը Մեսրոպեան վարժարանին յանձնեց Լիբանանի մօտ Ֆրանսային հանրապետութեան դեսպան պարոն Պրիւնօ Ֆուշէն: Հանդիսութիւնը, որուն նախագահութիւնը ստանձնած էր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. եւ Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքը, զգեցաւ համագաղութային նկարագիր. ներկայ էին Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան օգնական եպիսկոպոս Հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուցիչ` Ընդհանուդ Փոխանորդ եւ Պատրիարքապատկան վարժարաններու Վարչական Խորհուրդի նախագահի տեղակալ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբեկեան, Լիբանանի հայ առաքելական թեմի առաջնորդի անձնական ներկայացուցիչը, հայկական երեք յարանուանութեանց եկեղեցական եւ աշխարհական դասի պատասխանատու ներկայացուցիչներ, Լիբանանի կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար Հայր Պութրոս Ազար, պետական երեսփոխաններ Ժան Թալուզեան, Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, նախարար Աւետիս Կիտանեան, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ Մարտիկ Պօղոսեան եւ Վարդգէս Խօշեան, Լիբանանի կրթական նախարարութեան ներկայացուցիչ Իմատ Աշքար, նախկին երեսփոխաններ եւ նախարարներ, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, մշակութային, մարզական, բարեսիրական եւ հայրենակցական միութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ վարժարանի բարձր կարգի աշակերտներն ու ծնողներ:

Մեսրոպեանի “Ծիծեռնակ” երգչախումբին կատարողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց վարժարանի ֆրանսերէնի համակարգող եւ երկրորդական բաժնի կրթական պատասխանատու տիկին Հասնա Ապու Էլիաս, որուն յաջորդեց տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի ուղերձը:

Կ. Գալուստ նախ ըսաւ, որ “Label CELF “-ի ստանձնումը գոհունակութեան մեծ եւ խոր ապրում մը կը պարգեւէ  Մեսրոպեանի ընտանիքին, “քանզի յաջողեցանք ստանալ վաւերացումը ֆրանսերէնի ուսուցման այն որակին, զոր անհրաժեշտ կը համարենք մեր աշակերտներու ապագային համար` կրթութեան, զարգացումի եւ կեանքի յաջողութիւններու ճամբաներուն վրայ:” Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Institut Français-ի  ներկայացուցիչ  տիկին Գամիլա  Գաաաքուրին, տիկին Հասնա Ապու Էլիասին եւ Մեսրոպեան վարժարանի ուսուցիչներուն, որոնք անմիջական կերտիչները հանդիսացան այս նուաճումին:

Կ. Գալուստ յայտնեց, որ զարգացման յաջորդ քայլին համար, Մեսրոպեանը արդէն իսկ Institut Français-ին հետ գործակցաբար սկսած է աշխատանքի` ֆրանսական կրթութեան ծրագիրը որդեգրելուն եւ “Label FrancEducation”ը ստանալու ուղղութեամբ: “Ապագային մենք նպատակ ունինք դառնալու Homologué հաստատութիւն: Յառաջիկայ տարիներուն համար սա մեր հաստատութեան գլխաւոր մարտահրաւէրն է: Կը հաւատանք, որ Մեսրոպեանը կրնանք հասցնել տեղ մը, որ ցուցանիշ դառնայ անոր կարեւորութեան եւ իւրայատկութեան` Լիբանանի կրթական համակարգին մէջ”, ըսաւ Մեսրոպեանի տնօրէնը: “Կը վստահեցնեմ, որ այս օրը պիտի արձանագրուի որպէս մեր վարժարանի 80ամեայ տարեգրութեան ամենափայլուն էջերէն մէկը, ինչպէս որպէս եզրափակում` մեծ նուաճումի մը, նոյնպէս եւ որպէս սկիզբ` հետագայ յաջողութիւններուն, որոնց ընդառաջ պիտի երթանք` միշտ մեր աշակերտներու փայլուն ապագային ի խնդիր”, եզրափակեց ան:

Ֆրանսայի դեսպան պարոն Պրիւնօ Ֆուշէ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի մէջ ջերմ ընդունելութեան համար եւ շնորհաւորեց վարժարանը` այս կարեւոր նուաճումին համար: Ան դիտել տուաւ, որ հազուադէպ է, որ Ֆրանսայի դեսպան մը անձամբ մասնակցի նման հանդիսութեան, ինչպիսին այսօրուանն էր: Մեսրոպեանի համար բացառութիւն մը կատարեցի` հաշուի առնելով այս հաստատութեան կշիռը Լիբանանի մէջ, առաւել այն փաստը, որ Մեսրոպեանը առաջին հայկական պատկանելիութեան վարժարանն է, որ կը ստանայ  “Label CELF”-ը եւ վերջապէս` որպէսզի ձեր բոլորին հետ կիսեմ վարժարանի հիմնադրութեան                      80-ամեակի տօնական ապրումները, ըսաւ պարոն Ֆուշէ:

Պարոն դեսպանը դիտել տուաւ, որ “Label CELF “-ի իմաստը կը կայանայ երեք սկզբունքներու մէջ. առաջին` անիկա վկայագիրն է կրթական հաստատութեան մը մէջ ֆրանսերէնի գերազանց ուսուցման, երկրորդ` կը նշէ Ֆրանսական կրթական մարմիններու կողմէ հետեւողական ընկերակցութիւն մը` աշակերտներու յաւելեալ զարգացումին եւ երրորդ` անդամակցութիւնն է կրթական ցանցի մը, որուն մաս կազմող հաստատութիւնները կը ձգտին ֆրանսերէնի հետ միասին` հասնիլ մանկավարժական գործի գերազանցութեան:  Մեսրոպեանին այս վկայագիրը շնորհեցինք, որովհետեւ անոր ուսուցիչները գերազանց արդիւնքներ հաստատեցին DELF-ի նախապատրաստութեան քննութիւններուն, ինչպէս անոր աշակերտները` 98 առ հարիւր յաջողութեամբ. առաւել, մեծապէս տպաւորիչ են լիբանանեան պետական քննութիւններուն այս վարժարանին արձանագրած յաջողութիւնները, ըսաւ Ֆրանսայի դեսպանը, գոհունակութիւն արտայայտելով, որ այսպիսով Մեսրոպեանը մուտք կը գործէ գործակցութեան լայն դաշտ մը` մէկ կողմէ ֆրանսական կրթական մարմիններուն եւ միւս կողմէ լիբանանեան այլ դպրոցներու հետ, որոնք ընտրած են ֆրանսերէնի եւ մանկավարժական գործի գերազանցութեան նոյն ճանապարհը: Ներկայիս այս դպրոցներու թիւը 67-ն է` ընդհանուրը մօտ 50 հազար աշակերտներով: Պարոն Ֆուշէ վստահեցուց, որ ֆրանսական կրթական մարմինները պատրաստակամ են լիովին աջակցելու Մեսրոպեանին` Label FrancEducation-ը ստանալուն ուղղուած աշխատանքներուն մէջ:

Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան իր խօսքին  մէջ ըսաւ, որ բազմալեզուութիւնը եւ տարբեր մշակոյթներու հետ համարկումը հայկական նկարագիր մըն է, որ կազմաւորուած է պատմական իրադարձութիւններու հոլովոյթին մէջ: Այդուհանդերձ, շեշտեց ան, 1915-ի Ցեղասպանութիւնը վերապրած Հայ ժողովուրդը լաւապէս կը գիտակցի մայրենի լեզուի կարեւորութեան, որպէս գլխաւոր հիմքը իր  ինքնութեան: Տարբեր լեզուներու եւ մշակոյթներու նկատմամբ բացուածութիւնը մեծապէս կը նպաստէ միջ-անձնային եւ միջ-խմբային յարաբերութիւններուն, գաղափարներու ազատ հոսքին եւ երկխօսութեան, դիտել տուաւ գերապայծառը, շեշտելով ամբողջ մարդկութեան համար հասարակաց` սիրոյ եւ խաղաղութեան լեզուի տարածման կարեւորութիւնը: “Ի վերջոյ, ամենակարեւորը` Աստուծոյ լեզուն` Սիրոյ եւ Բարեգործութեան լեզուն իմանալն է, որուն շնորհիւ է միայն որ կրնանք ունենալ խաղաղութեան լեզուն խօսող ընկերութիւններ, խաղաղութիւն` որուն այնքան կարիքը ունինք հիմա”, եզրափակեց Հայր Գաբրիէլ:

Հանդիսութեան ընթացքին, տեղի ունեցաւ “Label CELF “-ի պաշտօնական յանձնումը` Մեսրոպեանին, ձեռամբ Ֆրանսայի դեսպան պարոն Ֆուշէի, որ այս առիթով նաեւ վարժարանի տնօրէնին յանձնեց դեսպանատան յատուկ յուշամետալը` 88/100 համարով, ինչպէս նաեւ հրատարակութիւն մը` որպէս նուէր: Պարոն Գալուստ փոխադարձաբար պարոն դեսպանին յանձնեց 80-ամեակը խորհրդանշող վարժարանի յատուկ յուշանուէրը: Հանդիսութիւնը փակուեցաւ մեծն Ազնաւուրի “Քեզ համար, Հայաստան” երգով, “Ծիծեռնակ” երգչախումբի կատարողութեամբ, իսկ պատմական օրը եզրափակուեցաւ Ֆրանսայի դեսպանին եւ հիւրերու վարժարան կատարած շրջայցով, որուն ընթացքին անոնք ծանօթացան տարբեր բաժանմունքներուն եւ անոնց գործունէութեան: Ֆրանսայի դեսպանը վարժարանի ոսկեմատեանին մէջ արձանագրեց իր գերազանց տպաւորութիւնները՝ հանդիսութեան եւ շրջայցին առիթով:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/03/2019, 08:28