Ռատիոյի համաշխարհային օր։ Ռատիոյի համաշխարհային օր։ 

Ռատիոյի համաշխարհային օր։

Օրը հռչակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՈՅԻ կողմէ 2011-ին եւ առաջին անգամուան համար պաշտօնապէս նշուած է 2012-ի փետրուար 13-ին:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

13 փետրուարին կը նշուի Ռատիոյի համաշխարհային օրը, որուն այս տարուայ բնաբանն է «երկխօսութիւն, հանդուրժողականութիւն, խաղաղութիւն»։ Օրը հռչակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՈՅԻ կողմէ 2011-ին եւ առաջին անգամուան համար  պաշտօնապէս նշուած է 2012-ի փետրուար 13-ին:

Օրը ընտրուած է յիշատակելու 1946-ի փետրուար 13-ին,  առաջին անգամուան համար եթեր ուղարկուած ՄԱԿ-ի Ռատիօն։

Օրուան նպատակակէտն է ոչ միայն արժեւորել Ռատիօն՝ որպէս համաշխարհային կապի միջոց, այլեւ ռատիոյի հետ կապ ունեցող բոլոր մարդոց միջև ամրապնդել համագործակցութիւնը  ու նաեւ զարգացնել տեղեկատուութեան մատչելիութեան ազատութիւնը, ինչպէս նաեւ խօսքի ու արտայայտութեան ազատութիւնը ու բազմաթիւ մշակոյթներու յարգանքը։

Ռատիօն արդարեւ կը տեղեկացնէ, կը բարեփոխէ եւ կը միացնէ։ Ան կը յաղթահարէ տարբերութիւնը, կը շրջանցէ պատնէշները որոնք յաճախ կը կառուցուին կործանելու համար մարդկային ընտանիքը։ Ռատիօն կը մնայ հաղորդակցութեան կամուրջ մը աշխարհի մէջ։

Կուլիելմօ Մարոքնիի հանճարին շնորհիւ 117 տարիներ առաջ ծնունդ առած Ռատիօն, այսօր եւս կը շարունակէ ըլլալ տեղեկատուութեան եւ ժամանցի ճկուն միջոց մը։

Այս տարուայ բնաբանը հրաւէր է Ռատիոյի գործիչներուն իրենց աշխտանքը կեդրոնացնելու՝ դիմադրելու համար ամէնուրեք տարածուած բռնութիւններու ձեւերուն ու այնպէս ընելու որ հանդուրժողականութեան ու երկխօսութեան միջոցաւ մարդիկ ձգտին խաղաղ համակեցութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2019, 09:17