Որոնել

 Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցին 

Թուրքիոյ մէջ Հայկական Եկեղեցիին դէմ ոտնձգութեան միջադէպ։

Անյայտ անձեր հայկական եկեղեցւոյ պատերուն «ձեր վերջը եկած է» եւ այլ տեսակի գրառումներ կատարած էին

Թուրքիոյ հրէական համայնքի ներկայացուցչութիւնը իր աջակցութիւնը յայտնած է պոլսահայ համայնքին` Պոլսոյ Ֆաթիհ շրջանի Պալաթ թաղամասին մէջ հայկական Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ դէմ կատարուած ոտնձգութեան արարքին հարցով:

Պոլսոյ հայկական օրաթերթերէն «ՀայԹերթ»-ը կը հաղորդէ, որ հրէական համայնքը դատապարտած է անյայտ չարագործներու արարքը եւ յոյս յայտնած, որ մեղաւորները կարելի եղածին չափ շուտ կը յայտնաբերուին ու կը պատժուին:

Յիշեցնենք, որ անյայտ անձեր հայկական եկեղեցւոյ պատերուն «ձեր վերջը եկած է» եւ այլ տեսակի գրառումներ կատարած էին: Թուրքիոյ մէջ փոքրամասնութիւններու կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Մորիս Լեւի դատապարտած է ատելութեան գործողութիւնը` յայտնելով, որ ատոր առնչութեամբ կազմակերպութիւնը բողոք ներկայացուցած է Պոլսոյ անվտանգութեան վարչութեան:

Անցեալ տարի Պոլսոյ Քատըքէօյ շրջանին մէջ ազգայնական գրառումներ կատարուած էին հայկական Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ պատերուն: «Էրզրումցի 25» անունով գրութիւնը ձգած անձը եկեղեցւոյ պարիսպին վրայ թրքերէնով գրած էր. «Այս հայրենիքը մերն է»: Բացի ատկէ, մեծ քանակութեամբ աղբ լեցուած էր եկեղեցւոյ բակին մէջ` փակելով անոր մուտքը:

Նախապէս ցեղապաշտական բնոյթի քանի մը գրութիւններ յայտնուած էին Պոլսոյ Սկիւտար շրջանին մէջ գտնուող հայկական Քալֆայեան վարժարանի պատերուն վրայ:

Քաղուած «Ազդակ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2019, 08:24