Պարոն Վարուժ Ներկիզեան այցելեց Մեսրոպեան վարժարան Պարոն Վարուժ Ներկիզեան այցելեց Մեսրոպեան վարժարան 

Պարոն Վարուժ Ներկիզեան այցելեց Մեսրոպեան վարժարան

Պարոն Վարուժ Ներկիզեան վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` վարժարանի զարգացման ծրագիրներուն օգնելու:

Կիրակի, 3 Փետրուար 2019-ին, լիբանանեան եւ արաբական դրամատնային մարզի առաջնորդներէն, կրթական եւ ներդրումային շարք մը հիմնադրամներու եւ ծրագիրներու ղեկավար պարոն Վարուժ Ներկիզեան այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, որուն գլխաւոր բարերարը կը հանդիսանայ երկար տարիներէ ի վեր:
Պարոն Ներկիզեան ծանօթացաւ իր բարերարութեամբ կառուցուած “Ալիս Ներկիզեան” մանկամսուրի վերանորոգուած եւ ընդլայնուած մասնաբաժիններուն: Մանկամսուրը կը կրէ բարերարին մօր անունը:
Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստին հետ կայացած հանդիպումին, պարոն Ներկիզեան մեծապէս գնահատեց աշակերտներու կրթական միջավայրը հետեւողականօրէն բարեկարգելու ուղղութեամբ տարուած եւ տարուող աշխատանքները եւ վերահաստատեց իր պատրաստակամութիւնը` վարժարանի զարգացման ծրագիրներուն օգնելու:
Նշենք, որ այս այցելութենէն մէկ օր առաջ պարոն Ներկիզեան նախագահած էր Մեսրոպեանի տարեկան բարեսիրական ընթրիքին, որ տեղի ունեցաւ Լը Ռուայալ պանդոկին մէջ, աւելի քան 225 մասնակիցներու ներկայութեամբ: Այդ առիթով, յայտարարուեցան անոր հերթական մեծագումար նուիրատուութիւնները` ի նպաստ Մեսրոպեանի կարիքաւոր սաներու ֆոնտին:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2019, 08:06