Լիբանանի դրօշակը Լիբանանի դրօշակը 

Լիբանանի մէջ կազմուեցաւ նոր կառավարութիւնը:

Առաջին անգամ ըլլալով լիբանանահայութիւնը կ՛ունենայ երկու նախարար

Ինը ամսուան աշխատանքէ եւ խորհրդակցութիւններէ ետք, վարչապետ Սաատ Հարիրի` օժանդակութեամբ քաղաքական գրեթէ բոլոր ուժերուն՝ կրցաւ կազմել Լիբանանի նոր կառավարութիւնը:
Ըստ «Ազդակ»-ի՝ Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ ամբողջ օրուան ընթացքին հետեւած էր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին եւ անոր արձանագրած զարգացումներուն, երէկ երեկոյեան ժամը 5:30-ին, նախագահական պալատին մէջ ընդունեց վարչապետ Հարիրին, որ նախագահ Աունին ներկայացուց կառավարութեան կազմը։
Այսպէս, Լիբանանի Հանրապետութեան 30 նախարարներէն կազմուած կառավարութեան մէջ լիբանանահայութիւնը, առաջին անգամ ըլլալով, ունեցաւ երկու նախարար՝
-Աւետիս Կիտանեան` զբօսաշրջութեան նախարար,
-Ռիշար Գույումճեան` ընկերային հարցերու նախարար։

Քաղուած Եռագոյնէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2019, 08:00