Որոնել

Ձեռագիր Մատեան Ձեռագիր Մատեան 

Եունեսքօ անհետացող լեզուներ կը նկատէ Թուրքիոյ մէջ գործածուող համշէնահայերէնն ու արեւմտահայերէնը

2000էն ի վեր, 21 Փետրուարը ԵՈՒՆԵՍՔՕի նախաձեռնութեամբ կը նշուի՝ իբրեւ «Մայրենի լեզուի օր»:

ՄԱԿի Կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան՝ ԵՈՒՆԵՍՔՕի, «Աշխարհի վտանգուած լեզուներու ատլաս»ին դասակարգումով՝ արեւմտահայերէնը համարուած է Թուրքիոյ տարածքին անհետացման վտանգին տակ գտնուող լեզուներէն մէկը: Ատլասին խմբագիրը՝ Քրիս Մոլզի, պատասխանելով «Պի.Պի. Սի.»ի թրքերէն ծառայութեան հարցումներուն՝ ըսաւ, որ Թուրքիոյ տարածքին կան 18 անհետացած կամ անհետացող  լեզուներ:

2000էն ի վեր, 21 Փետրուարը ԵՈՒՆԵՍՔՕի նախաձեռնութեամբ կը նշուի՝ իբրեւ «Մայրենի լեզուի օր»: Այս տարի օրուան նշանակութիւնը աւելի կարեւոր դարձաւ, որովհետեւ ՄԱԿը 2019ը յայտարարած է «Մայրենի լեզուներու տարի»: Աշխարհի տարածքին կ՛օգտագործուին առնուազն 7000 լեզուներ: Լեզուական առումով, ամենաբազմազան երկիրը Փափուա Նիւ Կինին է, որուն մօտաւորապէս 8 միլիոն  բնակչութիւնը կ՛օգտագործէ առաւել քան 800 լեզուներ:

Ըստ Թուրքիոյ սահմանադրութեան 42-րդ յօդուածին, բացի Լոզանի համաձայնագիրին մէջ նշուած լեզուներէն (յունարէն, հայերէն, եբրայերէն), Թուրքիոյ քաղաքացիներուն կ՛արգիլուի որեւէ օտար լեզուով կրթութիւնը:

Քաղուած «Ասպարէզ»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2019, 08:00