Որոնել

ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան Կարեն Նազարեան-Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիրաք հանդիպում ՀՀ Սուրբ Աթոռի մօտ դեսպան Կարեն Նազարեան-Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիրաք հանդիպում 

Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ նորանշանակ դեսպան՝ Կարեն Նազարեանի պաշտօնի ստանձնման անդրանիկ հանդիպումները։

ՀՀ Դեսպանը փետրուար 20-ին հանդիպեցաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ ու գերերջանիկ Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մօտ նորանշանակ դեսպան՝ Վսեմաշուք Տիար Կարեն Նազարեան, որ յաջորդեց Սուրբ Աթոռի մօտ «նստավայր» ունեցող ՀՀ առաջին դեսպան՝ Տիար Միքայէլ Մինասեանին, հանդիսանալով «նստավայրով»  ՀՀ երկրորդ դեսպան, անցեալ 12 փետրուար 2019-ին իր հաւատարմագրերու  պատճէնը յանձնեց Սուրբ Աթոռի Պետքարտուղարի ընդհանուր հարցերով փոխանորդ գերապայծառ  Էտկար Փենյա Փարրային, մինչեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ պաշտօնական հանդիպումը որ հաւանականօրէն տեղի կ՛ ունենայ յառաջիկայ օրերուն։

Այդ հանդիպման առթիւ Դեսպան Նազարեանն ընդգծեց Հայաստանի համար Սուրբ Աթոռի հետ երկկողմ յարաբերութիւններու կարևորութիւնը և յայտնեց զանոնք  ընդլայնելու ուղղութեամբ իր պատրաստակամութիւնը:

Նշենք թէ Տիար Նազարեանը՝ որ մասնագիտութեամբ արևելագէտ ու  միջազգային յարաբերութիւններու մասնագէտ է, դիւանագիտական ասպարէզէն  ներս ունի երկար տարիներու փորձառութիւն՝ սկսեալ 1991-1992 թուականներէն, երբ մուտք գործեց ՀՀ արտաքին գործերու նախարարութիւն։

Այս գործունէութեան ծիրէն ներս ան ի շարս այլ պաշտօններու 1996-2002թթ. նշանակուած է  ՄԱԿ-ի Ժընևի գրասենեակի և միջազգային այլ կառոյցներու ՀՀ դեսպան, իսկ 2009-2014թթ. ՄԱԿ-ի մօտ ՀՀ դեսպան, մշտական ներկայացուցիչ, Նիու Եորք ապա 2018թ․Յունիսի 8-ին ՀՀ վարչապետի որոշմամբ վերանշանակուած է ԱԳ նախարարի տեղակալ։

Վերոնշեալ պատճէնի յանձնումէն ետք ու մինչեւ Քահանայապետի հետ հանդիպումը,   դեսպան Նազարեան սկիզբ տուաւ պաշտօնական ծանուցողական շարք մը հանդիպումներու Վատիկանի ու Սուրբ Աթոռի բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու հետ որոնց շարքին՝ Սուրբ Աթոռի պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար՝ գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէրը, որուն վսեմաշուք դեսպանը փոխանցեց նաեւ Հայաստան այցելելու արտգործնախարար Զօհրապ Մնացականեանի պաշտօնական հրաւէրը, Նազարեան հանդիպացաւ ապա Սուրբ Աթոռի մշակոյթի քահանայապետական խորհրդի նախագահ՝ Կարդինալ Ճանֆրաքօ Ռավազիին որուն հետ քննարկեց ու կարեւորեց Հայաստան - Սուրբ Աթոռ մշակութային օրակարգի շարունակական ընդլայնումը։

Պաշտօնական հանդիպումներու շարքին հանդիսացաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ Դեսպանին փետրուար 20-ին Հռոմի Լեւոնեան քահանայապետական հայկական վարժարանէն ներս Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ ու գերերջանիկ  Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքին հետ ունեցած հանդիպումը որուն ծիրէն ներս անդրադարձ կատարուեցաւ հայ-վատիկանեան առկայ բարեկամական յարաբերութիւններուն մասին, որոնք խարսխուած են վաղեմի հոգևոր, մշակութային ու միջ եկեղեցական կապերու վրայ։

Գրիգոր Պետրոս Ի Կաթողիկոս Պատրիարքը հանդիպման առթիւ իր աջակցութիւնը յայտնեց ՀՀ դեսպանին՝ անոր մաղթելով օրհանբեր և արդիւնաւէտ դիւանագիտական առաքելութիւն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2019, 08:20