Կոյրերու լեզուն Կոյրերու լեզուն 

Այսօր կը նշուի Մայրենի Լեզուի Միջազգային օրը։

Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕի գնահատականին՝ աշխարհի վեց հազար լեզուներ կորուստի մատնուելու եզրին են։

21 Փետրուարին կը նշուի «Մայրենի Լեզուի Միջազգային Օր» որ հռչակուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի՝ Միացեալ Ազգերու Կրթական, Գիտական եւ Մշակութային Կազմակերպութեան կողմէ 2009ի Նոյեմբերին, ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ընդհանուր Ժողովի 30րդ նիստին՝ լեզուներու եւ մշակոյթներու բազմազանութիւնը պահպանելու եւ զարգացնելու գլխաւոր առաջադրանքով։

21 Փետրուար 2000էն սկսեալ, ամէն տարի, Փետրուար 21ին կը նշուի քաղաքակիրթ մարդկութեան մեծագոյն հարստութեան՝ Մայրենիին նուիրական այս տօնը։

Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕի  գնահատականին՝ աշխարհի վեց հազար լեզուներ կորուստի մատնուելու եզրին են։

21 Փետրուարը ընտրուած է ի յիշատակ այն Պանկլատէշցի համալսարանականներուն  որոնք 21 փետրուար 1952-ին սպաննուեցան ոստիկանութեան կողմէ որովհետեւ ցոյց կը կատարէին պաշտպանելու համար իրենց Մայրենի Լեզուն որպէսզի ան  ճանչցուէր այդ ժամանակուայ Փաքիստանի պաշտօնական լեզու։ Արդարեւ  1947 թուականին, երբ Անգլիացիները հեռացան  Հնդկաստանէն հիմնուեցաւ Փաքիստանի Պետութիւնը որ սակայն կազմուած էր երկու  խոշոր տարածաշրջաններէ, որոնք իրարմէ կը տարբերէին ըլլայ մշակոյթով ըլլայ լեզուով. արևմտեան Փաքիստանի մէջ կ՛իշխէր Ուրտու լեզուն, իսկ արեւելեան շրջանին մէջ Պենկալերէնը։ Նորակազմ Կառավարութիւնը սակայն որպէս Պետական լեզու կը հռչակէ միայն Ուրտու լեզուն, հակառակ որ Պենկալերէնը միլիոնաւոր մարդոց համար Մայրենի Լեզու էր։ 

1952 ողբերգական դէպքերու հետևանքով ու ատկէ ետք տարածուած զանգուածային բողոքներու ու ցոյցերու բերումով 1956 թուականին Պենկալերէնը եւս կ՛ընդունի պետական լեզուի կարգավիճակ եւ 1971-ին այդ պայքարի հետեւանքով կը ստեղծուի այսօրուան Պանկլատէշի Պետութիւնը։ 

Վերոնշեալ բուռն իրադարձութիւններուն  ի յիշատակ 2009 թուականի նոյեմբերին ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն փետրուարի 21-ը կը հռչկաէ Մայրենի լեզուի միջազգային օր ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/02/2019, 08:38