Որոնել

Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն Ֆրանսայի հանրապետութեան նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն 

Ֆրանսայի մէջ Ապրիլ 24 -ը յիշատակի օր:

«Ֆրանսահայերու պատմութիւնը Ֆրանսայի պատմութիւնն է:»

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը ապրիլի 24-ը Ֆրանսայի մէջ հռչակած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի ազգային օր: Այս մասին ան յայտարարած է 5 փետրուարին՝ ելոյթ ունենալով Ֆրանսայի մէջ հայկական ընկերութիւնները համակարգող խորհուրդի ամենամեայ ընթրիքի ժամանակ: Այս մասին յայտնած է ֆրանսական AFP գործակալութիւնը։

Մաքրոնի խօսքով՝ Ֆրանսան 1915 թուականէն ի վեր մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւնը կը կոչէ Ցեղասպանութիւն, «որ տեւական պայքարէն ետք արդէն օրէնքով այդպիսին ճանչցուած է 2001 թուականին»:
«Ֆրանսահայերու պատմութիւնը Ֆրանսայի պատմութիւնն է: Եւ քանի որ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր յիշողութիւններու մաս է, ապա անոր յիշատակը պէտք է յարգուի մեր հանրապետութենէն ներս: Ձեզի հետ ես ուժերուս ներածին չափով պիտի պայքարին ժխտման ցանկացած դրսեւորման դէմ, որ կ'անարգէ զոհերու յիշատակն ու ողջերու արժանապատւութիւնը»,- աւելցուցած է Մաքրոն:

Քաղուած «Արեւելք» կայքէն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2019, 08:00