Փաշինեան  վարչապետը , Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսները: Փաշինեան վարչապետը , Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսները: 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան hիւրընկալած Է Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսները:

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ուրբաթ, 22 փետրուարին, կառավարութեան նստավայրին մէջ հանդիպում ունեցած է Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն հետ:

Վարչապետի պաշտօնական կայքին փոխանցումով` վարչապետ Փաշինեան նշած է. «Շատ կարեւոր կը նկատեմ այս կապը, այս խօսակցութիւնը: Յատկապէս այս խօսակցութիւնը կարեւոր է մեր երկրի ապագային վերաբերեալ, մեր ժողովուրդի ապագային վերաբերեալ, որովհետեւ կը կարծեմ, որ մեր համազգային օրակարգի քննարկման շատ կարեւոր առաքելութիւն ունինք եւ մեր համազգային օրակարգի ձեւաւորման շատ կարեւոր առաքելութիւն ունինք: Մենք գիտենք մէկ բան. ե՛ւ մենք, ե՛ւ մեր ժողովուրդը, ե՛ւ մեր եկեղեցին, ե՛ւ մեր հոգեւոր դասը մէկ բանի համաձայն ենք, որ մենք պիտի չպարտուինք եւ պիտի յաղթենք այն մարտահրաւէրին, որ մեր պետութեան, մեր ժողովուրդին առջեւ է, Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ սփիւռքի»:

Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը իր խօսքին մէջ նշած է, որ Արամ Ա. կաթողիկոսը քանի մը օր է, որ արդէն կը գտնուի Հայաստան` Մայր աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ, եւ իրենք անդրադարձած են եկեղեցին յուզող հարցերուն, խնդիրներուն: Այս առնչութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը ըսած է. «Մենք անդրադարձանք մեր եկեղեցւոյ առաքելութեան, մեր ազգային կեանքին, մեր հոգեւոր կեանքին` կարեւոր նկատելով մեր գործունէութիւնը մեր ժողովուրդի հոգեւոր միասնութեան, մեր ժողովուրդի ազգային միասնութեան, ինչպէս նաեւ մեր երկրի կեանքի յառաջընթացին համար: Մենք ընդգծեցինք անհրաժեշտութիւնը, որ մեր երկրին մէջ տիրէ կայունութիւն, տիրէ սիրոյ մթնոլորտ»:

Այնուհետեւ խօսքով հանդէս եկած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը, նշելով. «Սիրելի՛ պարոն վարչապետ, ասիկա մեր երկրորդ հանդիպումն է, եւ այս անգամ աւելի պաշտօնապէս` իբրեւ վարչապետ կ՛ողջունեմ ձեր առաքելութիւնը: Իմ սպասումս է, որ ժողովուրդի սպասումները, կարիքները հանգրուանային կերպով իրագործուին: Եթէ կան բեւեռացումներ, այդ բեւեռացումները պէտք է կամրջուին նոյն արժէքներուն շուրջ: Եւ այս ուղղութեամբ եկեղեցւոյ դերը ես շատ կարեւոր կը նկատեմ: Ուրախ եմ, որ ձեր խօսքին մէջ կարեւորութեամբ անդրադարձաք եկեղեցւոյ դերին: Վեհափառը ինքն ալ ըսաւ, որ եկեղեցի-պետութիւն այս յարաբերութիւնները, աւելի ճիշդ` գործակցութիւնը, պիտի ըսեմ, նկատի ունիմ հրամայական է թէ՛ ազգաշինութեան, թէ՛ հայրենակերտումի իմաստով»:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2019, 08:20