Որոնել

Մամուլ Մամուլ 

Հայ Մամուլը՝ հաւատարիմ ժառանգորդը մեր մշակոյթի հիմնադիրներուն

Հայ Մամուլը, իր ծննդեան օրէն մինչեւ այսօր, հաւատարիմ մէկ ժառանգորդն է մեր մշակոյթի կերտիչներուն

Կիլիկեան մեր դարաւոր Ս. Աթոռի գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոս 2003ին հաստատեց բարի աւանդութիւն մը՝ մեր թեւակոխած իւրաքանչիւր տարին նուիրելով քրիստոնէութեան ու հայութեան կեանքին մէջ անժամանցելի դեր ունեցող արժէքի մը։ Անցեալ տարիներուն, միասնաբար ապրեցանք Աստուածաշունչի, Նարեկի, Հայ Դպրոցի, Հայ Գիրքի, Ցեղասպանութեան 100ամեակի, ծառայութեան, Հայաստանի Հանրապետութեան 100ամեակի եւ մեր կեանքը լուսաւորող, լիցքաւորող ու առաջնորդող այլ տարիները։ Վեհափառ հայրապետին պատգամները մեզի ու ողջ հայութեան համար եղան յուշարար, թէ այդ արժէքները ժամանակով չեն սահմանափակուած, պէտք չէ մնան ու պիտի չմնան միայն մէկ տարուան սահմանին մէջ, այլ անոնք մնայուն ներկայութիւն են մեր անհատական ու հաւաքական կեանքերուն մէջ, բոլորիս համար յենարան են մեր քրիստոնէական հաւատքին եւ հայկական պատկանելիութեան ուխտի վերանորոգման ու յանձնառութեան վերահաստատման։

Եւ ահա, Վեհափառ Հայրապետը 2019 տարին հռչակած է Հայ Մամուլի տարի։ Վաղը, Կիրակի, 10 Փետրուարին, մեր Թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պաշտօնապէս պիտի ընթերցուի Հայրապետական Պատգամը, որպէսզի մեր ժողովուրդի զաւակները ուղղակի հաղորդակից դառնան նորին սուրբ օծութեան մտածումներուն, արժեւորումներուն ու յորդորներուն։

Վեհափառ Հայրապետին պատգամը բաց հրաւէր է մեզի՝ հայութեան զաւակներուս, որպէսզի ըստ արժանւոյն անդրադառնանք Հայ Մամուլի դերին ու առաքելութեան, մեր պատմութեան ու ներկայ կեանքին մէջ թողած ազդեցութեան ու հետքերուն, եւ արտայայտենք մեր անվերապահ զօրակցութիւնը անոր։

Արդարեւ, Հայ Մամուլը, իր ծննդեան օրէն մինչեւ այսօր, հաւատարիմ մէկ ժառանգորդն է մեր մշակոյթի կերտիչներուն՝ Ս. Սահակ հայրապետի, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի, Վռամշապուհ արքային ու անոնց գործակիցներուն, որովհետեւ սկիզբ առած է նոյն առաքելութեամբ, հայութեան կեանքին մէջ մշտական ներկայութիւն դարձուցած է հայ մշակոյթի հիմնադիրներուն ու անոնց ջահը դարեր շարունակ վառ պահող, սերունդէ սերունդ՝ մինչեւ մեզի հասցնող նուիրեալներուն աւանդը։

Մեր Թարգմանիչ հայրերը հայ գիրի ու մշակոյթի հիմը դրին երկու գլխաւոր մտասեւեռումներով՝ Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ Հայաստան բերուած մեր հաւատքի լոյսը հայուն լեզուով տարածելու եւ մեր հաւատոյ հայր՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի ամրագրած ուղին ամբողջ հայաշխարհին սեփականութիւնը դարձնելու, ապա նաեւ մարդկային միտքն ու գիտելիքները հայերէնով տարածելու նախանձախնդրութեամբ։ Անոնց առաջին գործը եղաւ Աստուածաշունչի թարգմանութիւնը, որուն յաջորդեցին հին աշխարհը լուսաւորող մատեաններու հայացումը։ Դարեր ետք, երբ Կիւթենպէրկի գիւտը եկաւ խթանելու Զարթօնքը եւ նպաստեց աշխարհի արագ զարգացման, գիտութեան, մշակոյթի ու մտաւորականներու արգասիքներուն լայն տարածումին, հայ նուիրեալներ այս «գործիքը» օգտագործեցին ա՛յն խորհուրդով, որ իրենց ժառանգ հասած էր Թարգմանչաց սերունդէն։ Աստուածաշունչը եղաւ հայերէնով տպագրուող առաջին մատեաններէն. եւրոպական ոստաններէ մինչեւ հեռաւոր Հնդկաստանի Մատրաս քաղաքը՝ յաջորդաբար դարձան տպագիր մատեաններու եւ թերթերու լոյս ընծայման ու տարածման օճախներ։ Մամուլը անփոխարինելի դեր ունեցաւ նա՛եւ Հայկական Զարթօնքին մէջ, հայ դպրութեան տարածման ու ժողովրդականացման մէջ, հայութիւնը ժամանակակից աշխարհին հետ կամրջելու առաքելութեան մէջ։

Պատմութիւնը ծանօթ է. Հայ Մամուլը հիմնական դեր ունեցած է մեր պատմութեան արձանագրումին ու կերտումի՛ն մէջ, միաժամանակ կերտելով իր պատմութիւնը, մի՛շտ հաւատարիմ մնալով մեր մշակոյթի հիմնադիրներուն ու կերտիչներուն պատգամին։ Այսօր, Հայ Մամուլն է որ իր տպագիր, լսատեսողական եւ համացանցային տարբեր գործիքներով, հայ մարդը օրը օրին ու ժամը ժամուն հաղորդ կը պահէ զինք շրջապատող աշխարհի իրադարձութեանց. աւելի՛ն, Հայ Մամուլը գլխաւոր կամուրջն է հայուն ու անոր հաւաքական կեանքին, հայրենիքին ու Սփիւռքին միջեւ։ Հայ Մամուլն է որ անմիջական արձագանգ կը հանդիսանայ հայութեան կեանքին ելեւէջներուն, հպարտութիւն կը տարածէ դրական զարգացումներու եւ իրագործումներու մասին, արտայայտիչը կ՛ըլլայ հայուն ու մարդկութեան սիրտին տրոփ տուող իրադարձութիւններու։ Մէկ խօսքով, Հայ Մամուլը անքակտելի մէկ մասնիկն է մեր կեանքին, մեր աչքն է ու ականջը, որ կամրջուած է մեր միտքին ու էութեան հետ։

Հայ Մամուլի հիմնական դերակատարութիւններէն մէկն ալ այն է, որ նոյնինքն մեր մշակոյթի հիմնադիրներուն ուղիին հաւատարիմ մնալով, եղած է եւ կոչուած է մնալու առաջնորդողի՛ դերի մէջ, հեռու մնալով աշխարհը տագնապեցնող աժան քարոզչութեան եւ ստապատիր, անհիմն տեղեկութիւններ տարածողի ընթացքէն։ Այսօր, բոլորս ամէն օր եւ օրը բազմապատիկ անգամներ ականատես եւ ականջալուր ենք մամուլը իր իսկական առաքելութենէն՝ ժողովուրդին բարիքը հետապնդելու եւ ճիշդն ու արդարը տարածողի դերակատարութենէն շեղող արտայայտութեանց, որոնք կը կատարուին մասնակի շահերու հետամտութեամբ եւ մինչեւ իսկ յստակ ջուրեր պղտորողի անլրջութեամբ… Այս նկատառումով ալ, որքա՛ն տեղին է ու այժմէական՝ Առաքեալին յորդորը. «Միթէ աղբիւր մը նոյն ակէն քաղցր եւ դառն ջուր կը բխէ՞»։ (Յակոբոս, 3։11)։ Հետեւաբար, մեր սպասումն է, որ Հայ Մամուլը մնայ զուլալ ջուրի աղբիւր, ինքզինք ձերբազատէ խոտորումէ եւ խոտորողի ընթացքէ։

Այս ու նման հանգամանքներ աչքի առջեւ ունենալով, անվարան կը հաստատենք, որ Հայ Մամուլը արժանի է բոլորիս հոգածութեան, գուրգուրանքին եւ զօրակցութեան։ Այո՛, Հայ Մամուլը անփոխարինելի անհրաժեշտութիւն է մեր կեանքին մէջ։ Կրնա՞ք մեր կեանքը պատկերացնել առանց մամուլի, առանց հաղորդակցութեան միջոցներու. նմանապէս ալ կարելի չէ այսօրուան հայ կեանքը ամբողջական նկատել առանց Հայ Մամուլին։

Ահա թէ ո՛ւր է Վեհափառ Հայրապետին պատգամին խորքն ու կարեւորութիւնը։ Եթէ մենք այսօր յարգանք կ՛ընծայենք Հայ Մամուլին ու անոր անցեալի ու ներկայի ծառայողներուն, նոյնքան կարեւոր է որ մեր երախտագիտութեան զգացումները մեր կեանքին անբաժան մէկ մասը  կազմեն ամէն օր։

Օրհնեալ ըլլայ յիշատակը Հայ Մամուլի հիմնադիրներուն ու անոր պատմութիւնը կերտողներուն։

Վարձքը կատար Հայ Մամուլին բոլոր ծառայողներուն, Հայաստանի մէջ ու Սփիւռքի տարածքին։

Թող Բարձրեալն Աստուած ըլլայ հովանի մեր մամուլին ու Իր Ս. Աջով առաջնորդէ բոլոր նուիրեալ ծառայողներուն առաքելութիւնը։

 

ՄՈՒՇԵՂ ԱՐՔ. ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ

Առաջնորդ,

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի

 

9 Փետրուար 2019

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2019, 08:00