Որոնել

Յովհաննէս Թումանեան Յովհաննէս Թումանեան 

Այսօր Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակն է

Փետրուար 19-ը տօն է` Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան

Հայաստանի մշակութային օրացոյցին մէջ Փետրուար 19-ը տօն է` Ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան: Բանաստեղծ, արձակագիր, գրական-հասարակական գործիչին 150-ամեակը Հայաստանի ու Վրաստանի մէջ, ուր եւս ան ապրած ու ստեղծագործած է, պիտի նշուի յոբելենական ձեռնարկներով:

Թումանեանի ծննդավայր Դսեղի մէջ մեծարանքի ձեռնարկներուն պիտի մասնակցի ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Յարգանքի տուրք ու գրական-ստեղծագործական ժառանգութեան արժեւորման ջեռնարկներ պիտի մեկնարկեն ե՛ւ Երեւանի, ե՛ւ Թիֆլիսի մէջ:

Յովհաննէս Թումանեան ծնած է 1869 թուականի Փետրուար 19-ին Դսեղ գիւղին մէջ հոգեւորական ընտանիքի յարկին տակ։ Նախնական կրթութիւնը գիւղի դպրոցին մէջ ստանալէ ետք, յաճախած էր Ջալալօղլուի (այժմու Ստեփանաւան) դպրոցը, որմէ շրջանաւարտ՝ 1883-ին, անցած է Թիֆլիս շարունակելու ուսումը Ներսիսեան Ճեմարանէն ներս (մնացած է թերաւարտ)։ Շրջան մը վարած է քարտուղարի պաշտօն, ապա ամբողջովին նուիրուած՝ գրականութեան։

Ոչ մէկ ջանք խնայած է՝ Եղեռնէն փրկուած եւ Էջմիածինի մէջ հաւաքուած իր ազգակիցները տեղաւորելու եւ զանոնք սնունդով ապահովելու համար։ Այդ առիթով է, որ ինքզինք կոչած է «Ամենայն Հայոց Բանաստեղծ»՝ կաթողիկոսին հետ վէճի մը ընթացքին։

1888 թուականին, տասնինը տարեկան հասակին, Թումանեան կ՛ամուսնանայ տասնեօթամեայ Օլկա Մաճկալեանի հետ։ Անոնք կ՛ունենան 10 զաւակներ.

«Բանաստեղծութիւններ» վերնագիրով լոյս տեսած են իր գործերը մէկէ աւելի անգամներ։ Իր լաւագոյն գործերէն կը նկատուին՝ «Անոյշ», «Սասունցի Դաւիթ», «Թմկաբերդի Առումը», «Փարվանա» վիպերգները, «Մի Կաթիլ Մեղր»ը, «Շունն ու Կատուն» եւ «Գիգոր» պատմուածքը։

Թումանեանը գրած է հեքիաթներ, վիպերգներ, պտմուածքներ, առակներ, դիւցազներգութիւններ։ Իր գործերուն հիմնական նիւթերն են հայրենի բնութիւնը, ժողովուրդը իր բարքերով, հերոսներով եւ աւանդութիւններով։

Քաղուած «Եռագոյն»էն եւ «Վիքիպեդիա»էն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2019, 07:55