Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին  

Սուրիոյ Նախագահը խոստացած է վերականգնել Տէր Զօրի Հայկական Եկեղեցին:

Սուրիոյ նախագահը Դեկտեմբերի վերջը իր նստավայրին մէջ ընդունած է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու պատուիրակութիւնը

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու, հայ գործարարներու հետ հանդիպումը անցած է բաւական կառուցողական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Հայաստանէն Սուրիա մեկնած խումբը գլխաւորած է Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի նախագահ Ճորճ Բարսեղեան, որ Armenpress.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին ներկայացուցած է մանրամասներ հանդիպման մասին:

Ան նկատած է, որ Սուրիոյ թնճուկը, կարծես, լուծում կը ստանայ: Բարեբախտաբար, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի իշխանութիւնը կրցած է ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարել: ԱՄՆ կը մտածէ զօրքերը դուրս հանելու մասին եւ արդէն կը ձեռնարկէ գործնական քայլեր: Շարք մը արաբական երկիրներ եւս կը մտածեն Սուրիոյ մէջ դեսպանատուները բանալու մասին: Այս ամէնը կ՝ենթադրէ Սուրիոյ վերականգնում, իսկ ատոր համար նախատեսուած են բաւական խոշոր տնտեսական ծրագիրներ:

«Սուրիական կառավարութիւնը տրամադրուած է այս ծրագիրներուն մէջ առաջնահերթութիւնը տալ այն երկիրներուն, որոնք այս տարիներուն եղած են իրենց կողքը: Անոնցմէ է Հայաստանը, որ պատերազմի տարիներուն դեսպանատունը չփակեց, պետական կապը միշտ պահպանեց, օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա: Եւ յառաջիկայ վերելքին ընթացքին, գործարար ծրագիրներու մէջ, վերականգնման աշխատանքներուն մէջ առաջնահերութիւն պիտի տրուի հայերուն»,- ըսած է Ճորճ Բարսեղեան:

Ան նկատած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը մեծ նշանակութիւն կու տայ հայկական համայնքին, այդ մասին միշտ ըսուած է: Ճորճ Բարսեղեան պատահական չէ համարած այն, որ Սուրիոյ նախագահը խոստացած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին իր միջոցներով վերականգնել:

Սուրիա կատարած այցելութեան ընթացքին, հանդիպումներ եղած են վարչապետի, խորհրդարանի նախագահի, գործարար ոլորտի ընկերութիւններու հետ: Նախանշուած են ուղղութիւններ յետագայ համագործակցութեան համար:

Պաշշար Ասատի հետ հանդիպումը նշանաւոր դարձած է խորհրդանշական նուէրի մը փոխանցումով: Սուրիոյ նախագահին փոխանցուած է Հայաստան գտնուող յուշարձանի մը նմանակը, որ կը խորհրդանշէ հայերուն երախտագիտութիւնը Սուրիոյ ժողովրդին Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն տրամադրուած մեծ աջակցութեան համար: Յուշարձանը կը գտնուի դէպի «Զուարթնոց» օդակայան տանող ճանապարհին, անիկա կառուցուած է սփիւռաքահայերու միջոցներով: Յուշարձանը կը պատկերէ Սուրիոյ քարտէզը, հայկական արծիւը, յաւէրժութեան սիւնը, որուն վրայ գրուած է 1915 թուական: 2013-ին տեղի ունեցած է յուշարձանի ոչ պաշտօնական բացումը:

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ նախագահը Դեկտեմբերի վերջը իր նստավայրին մէջ ընդունած է Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու պատուիրակութիւնը, Հայաստանի գործարարները՝ Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի նախագահ Ճորճ Բարսեղեանի գլխաւորութեամբ:

Քաղուած «Եռագոյնէն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2019, 08:55