Փանամային մէջ Փաքորա անուան անչափահասներու բանտը Փանամային մէջ Փաքորա անուան անչափահասներու բանտը 

Ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Փանամայի մէջ Փաքորա անուան անչափահասներու բանտը:

Նորին Սրբութեան բանտարկեալներու հետ հանդիպումին պիտի մասնակցին ընդհանուր 150 անչափահաս բանտարկեալներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երիտասարդներուն համաշխարհային հաւաքի ծիրէն ներս, Ուրբաթ, 25 յունուար 2019-ին, ֆրանչիսկոս Պապ պիտի այցելէ Փանամային Փաքորա անուան անչափահասներու բանտը, հանդիպելու համար անչափահաս բանտարկեալներուն հետ եւ կարգ մը բանտարկեալներուն մատակարարելու ՝ Խոստովանանքի Սուրբ խորհուրդը:

Յայտնենք թէ յիշեալ բանտին մէջ հիւրասիրուած են 143 ազատութենէ զրկուած, 14-25 տարեկան պատանիներ ու երիտասարդներ որոնցմէ շատեր դատապարտուած են 12 տարի բանտարկութեան, ծանր յանցանք գործելնուն համար:

Նորին Սրբութեան բանտարկեալներու հետ հանդիպումին պիտի մասնակցին ընդհանուր 150 անչափահաս բանտարկեալներ, Փաքորա բանտէ 80 երիտասարդներ՝ մինչ մնացածը Փանամային այլ բանտերէն:

Փանամայի ազգային բանտերու տնօրէնուհի՝ Տիկին Էմմա Ալպա Թեժատա, խօսելով ֆրանչիսկոս Պապի բանտարկեալներուն հետ հանդիպումի մասին կը յայտնէ թէ Նորին Սրբութեան այցելութիւնը, բազմաթիւ բանտարկեալներուն համար անդորրութեան եւ խաղաղութեան ներշնչում է միեւնոյն ժամանակ դիմագրաւելիք մարտահրաւէր՛ որովհետեւ բանտարկեալներու մեծամասնութիւնը բողոքական հաւատացեալներ են եւ ոչ կաթողիկէներ:

«Անոնք չեն հաւատար ոչ Տիրամօր եւ ոչ ալ Պապին: Անոնցմէ քիչեր կ՝ուզէին հանդիպիլ Պապին հետ : Սակայն բանտարկեալներուն լուսաբանեցինք որ Ֆրանչիսկոս Պապ եկած է ոչ միայն հանդիպելու կաթողիկէներուն հետ այլ եկած է սիրոյ, խաղաղութեան եւ յոյսի պատգամը փոխանցելու բոլոր անոնց, որոնք այդ մէկը կը փափաքին:

Բանտարկեալներուն բացատրեցինք երիտասարդներու համաշխարհային հաւաքի իմաստը եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հովիւ ըլլալու մասին: Ըսած Է Փանաամային անչափահասներուն ազգային բանտերուն ընդհանուր տնօրէնուհին: Աւեցնելով որ Ֆրանչիսկոս Պապին Փանամայի այցելութիւնը պարգեւ ու երազ մըն է ինչպէս նաեւ տօնախմբութիւն ի յայտ դնելու, որ ոչինչ անկարելի է Աստուծոյ համար որ եւ Աստուած միշտ երկրորդ հնարաւորութիւն մը կ՝ընծայէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/01/2019, 13:20