Որոնել

Փանաման եւ իր Ջրանցքը՝ երկու հորիզոններով երկիրը։

Ջրանցքը Փանամային խորհրդանիշն է ու այդ փոքրիկ երկրին հարստութեան աղբիւր։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ջրանցքը Փանամային խորհրդանիշն է ու այդ փոքրիկ երկրին հարստութեան աղբիւր։ Բաւարար է արդարեւ ինքնաշարժով հակիրճ շրջապտոյտ մը կատարել հիացումով դիտելու համար երկու ովկիանոսներ ու այս ուղղութեամբ ԵՀՕ հաւաքը եւս կը ստանայ նոր մարգարէական ուժ, այն է վերանորոգել Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն ուղղած հրաւէրը. »երազելու մեծ երազներ։

Միայն Փանամայի մէջ մէկ ժամուայ մէջ կարելի է անցնիլ Խաղաղական ովկիանոսի ափէն Ատլանտեան ովկիանոսի ափունք։

Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ Փանամայի Ջրանցքի կառուցումի գաղտառը  սկիզբ կ՛առնէ 1901ի  եւ 1907-ին սկիզբ կը տրուի անոր աշխատանքներուն։

Հարիւրաւոր բանուորները եօթը տարիներ ամբողջ տիւ եւ գիշեր կ՛աշխատին  ու ջրանցքին բացումը կը կատարուի 1914-ի օգոստոս 3-ին։  Անոր մատակարարումը, համաձայնութիւններու բերումով, կը մնայ Միացեալ Նահանգներու հսկողութեան տակ մինչեւ 2000ի յունուար՝ երբ կ՛անցի Փանամայի Կառավարութեան հսկողութեան տակ։ 

Փանամային համար Ջրանցքը կը հանդիսանայ երկիրն հարստութեան առաջնահերթ եկամուտներէն մին։ Ջրանցքը ապա կը խորհրդանշէ կամուրջը, կապը, երկխօսութիւնը...ճիշտ այն իտէալական իրողութիւնները որոնց կանչուած են ԵՀՕ մասնակցող երիտասարդները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2019, 10:06