Որոնել

 Հայերէն երգերու յատուկ App Հայերէն երգերու յատուկ App  

Լիբանանահայ երեք երիտասարդներ ստեղծած են Հայերէն երգերու յատուկ App մը

Առաւել քան 15 հազար երգեր արդէն մատչելի են ամբողջ հայութեան,

Առաւել քան 15 հազար երգեր արդէն մատչելի են ամբողջ հայութեան, նաեւ՝ օտարներուն, մատի փոքրիկ շարժումով մը: Երգեր՝ հին ու նոր, տարբեր ոճի, բազմաթիւ արուեստագէտներու, որոնք նոյնիսկ սկսած են մոռացութեան գիրկը իյնալու դատապարտուելու այսօր: Անհատներուն կողմէ եղած ազգային նպատակ հետապնդող ծրագիր մը, զոր վայելողներուն թիւը օրէ օր կ՛աճի:

Արդարեւ, լիբանանահայ երեք երիտասարդներ՝ Սարհատ Արիստակէսեան, Արազ Կիտանեան եւ Յարութ Արթինեան ստեղծած են մօտաւորապէս 15,000 հայերէն երգեր ընդգրկող յատուկ ծրագիր «էփ»ը (App)՝ https://yerkerapp.com/download.html, որ արդէն իսկ կը գործէ եւ հասանելի է բոլորին:

Այս ծրագիրով, արդի արհեստագիտական միջոցներով նորահաս սերունդին կը ներկայացուին հայերէն երգեր, որոնց թուաքանակը հաւանաբար շուտով բազմանայ:

Հայերէն երգերու այս ծրագիրը միջոց մըն է հայ երգի եւ երաժշտութեան տարածման: Անոր նպատակն է 1900ականներու սկիզբէն մինչեւ 2019 թուականը երկարող ժամանակամիջոցին տարածուած հայկական երգերը համատեղելով՝ հայկական մշակոյթը պահպանել եւ տարածել:

Ծրագիրը իրականացուցած երեք երիտասարդները իրենց ամէնօրեայ աշխատանքներուն եւ ուսման կողքին, տարած են ծրագիրը պատրաստելու դժուար աշխատանքը: Պատրաստութեան ընթացքին եղած են դժուարութիւններ, որոնք յաղթահարուած են երիտասարդներուն կողմէ:

Օտար շրջանակներու մէջ ալ տարածում գտած է ծրագիրը:

Ըստ երիտասարդներուն՝ ծրագիրը բարելաւելու եւ անոր մէջ փոփոխութիւններ մտցնելու բոլոր կարծիքները եւ առաջարկները նկատի պիտի առնուին:

Նիւթական շահ չի հետապնդեր ծրագիրը, փաստօրէն անվճար է, բայց յառաջիկային առիթ պիտի տրուի ծանուցումներ տեղադրելու անոր էջին վրայ:

Իսկական երջանկութիւն մը՝ բոլոր արուեստասէրներուն համար, ո՛ւր ալ գտնուին, մանաւանդ որ երիտասարդները ստեղծած են նաեւ լաւագոյն երգերու հաւաքածոներ, նորերու եւ հիներու միախառնումով ծնունդ առած ցանկեր, մանկական, հեղինակային, ազգային-յեղափոխական, ճոխ, հանդարտ, տարբեր առիթներու եւ ոճի նուիրուած երգացանկեր, որոնք մատի հպումով մը անհատը կը տեղափոխեն տարբեր ժամանակներ, անոր կը պարգեւեն իր փափաքին համազօր տրամադրութիւն եւ մթնոլորտ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2019, 08:00