Հայ Քոյրերը Հայ Քոյրերը 

Հայ Քոյրերու միաբանութեան Հռոմի մայրավանքին մէջ նոր սրահի բացում։

Սրահին բացման օրհնութիւնը կատարեց Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի մեծաւորը՝ Գերյ Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նամոեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մենք այս սրահը պատրաստեցինք որպէսզի կարենանք,  տարբեր առիթներով, ձեզ հրաւիրել,  միասնաբար կազմակերպելու մշակութային կամ տօնական ձեռնարկներ:  Մենք յոյսով ենք որ,  ստէպ քով քովի գալով, պիտի կարենանք պայքարիլ  սպիտակ ջարդի դէմ որ կը սպառնայ Սփիւռքի մեր բոլոր գաղութներուն»:   Այս խօսքերով է որ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու միաբանութեան Մեծաւոր Մայրը՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան, ներկայացուց Հռոմի Հայ Քոյրերու մայրավանքին մէջ նոր սրահի մը բացումը, որ տեղի ունեցաւ կիրակի 13 Յունուար 2019-ի երեկոյեան Հռոմի «Վիա Վինչենցօ Մոնթի» պողոտայի թիւ 9 համարին վրայ գտնուող միաբանութեանս մայր տան մէջ։

Սրահին բացման օրհնութիւնը կատարեց Լեւոնեան Քահանայապետական Հայ Վարժարանի մեծաւորը՝ Գերյ Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նամոեան, ի ներկայութեան Միաբանակից Քոյրերուն, Լեւոնեան դպրեվանի ժառանգաւորներուն, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպանութեան ժամանակաւոր գործերու պաշտօնակատար Տիկին Անահիտ  Սիրունեանի եւ Հռոմի Հայ Գաղութի անդամներուն։

Երեկոյթին յայտագիրը կը նախատեսէր՝ բացի սրահին օրհնութիւնէն, Հայ Քոյրերու Հայաստանի որբանոցին 2017 թուականի  Ծնունդի հանդէսի տեսերիզի ներկայացումը, Հռոմաբնակ տաղանդաւոր երգչուհի Մարինէ Գրիգորեանի համերգը ապա ուրախ սեղաններու շուրջ սիրոյ ճաշը:

Մայր Արուսեակ իր բացման խօսքին մէջ նաեւ ըսաւ «Մենք երախտապարտ ենք այս հիւրընկալ գեղեցիկ երկրին, Հռոմին՝ օրրանը դարաւոր քաղաքակրթութեան, արուեստի և եկեղեցական հրաշագործ կոթողներու: Մինչ կը վայելենք անոր բարիքները, չմոռնանք երբեք որ մենք ալ արժանաւոր ժառանգներն ենք Լուսաւորչի, Վարդանի, Նարեկացու, ևայլն և պատմական ծովից ծով երկրի մը» :

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/01/2019, 09:11