Որոնել

Կոմիտաս եւ Յովհաննէս Թումանեան Կոմիտաս եւ Յովհաննէս Թումանեան 

Կոմիտասի եւ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են UNESCO-ի Յոբելինական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ։

Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակը պիտի նշուի բազմաբովանդակ ծրագիրներով

Երգահան Կոմիտասի եւ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 150-ամեակները ներառուած են UNESCO-ի յոբելինական իրադարձութիւններու օրացոյցին մէջ:

Այս մասին, ըստ Hayernaysor.am-ի, Յունուար 29-ին, մամուլի ասուլիսի ժամանակ յայտարարած է ՀՀ մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազելի Ղարիբեան:

Հայաստանի UNESCO-ի ազգային յանձնաժողովի գլխաւոր քարտուղար Վահրամ Կաժոյեան, իր հերթին, նշած է, որ ամէն տարի երկիրները իրաւունք ունին երկուական յայտ ներկայացնելու օրացուցային օրերուն համար, եւ միշտ խնդիր եղած է ընտրութեան հարցով: Այս անգամ, սակայն, ընտրութեան հարցով տարակարծութիւններ չեն եղած: Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150-ամեակները UNESCO-ի օրացոյցին մէջ ընդգրկելու վերաբերեալ՝ յանձնաժողովի կարծիքը եղած է նոյնը:

Կը պարզուի, սակայն, խնդիր եղած է՝ կապուած Թուրքիոյ հետ: Կոմիտասի 150-ամեակը սկիզբը չէ ներառուած: Պատճառաբանուած է, որ Կոմիտասը ծնած է Թուրքիոյ տարածքէն ներս եւ այս պարագային պէտք է նաեւ թրքական կողմին դիրքորոշումը: Հայկական կողմը, ի վերջոյ, յաջողած է հաստատել եւ հիմնաւորել հայկական կողմին յայտը:

--------------------------------------------------------------

Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակը պիտի նշուի բազմաբովանդակ ծրագիրներով

ԵՐԵՒԱՆ.- Կոմիտասի ծննդեան 150ամեակի առիթով Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ պիտի իրականացուին համերգային ծրագիրներ, փառատօներ, ցուցահանդէսներ:

Յունուար 29ին, պետական յոբելենական յանձնաժողովը ներկայացուցած է տարուան ընթացքին նախատեսուած ձեռնարկները:

«Յոբելենական տարին պատշաճ մակարդակով կազմակերպելու նպատակով՝ ՀՀ վարչապետի որոշումով՝ 2018 Սեպտեմբեր 6ին, ստեղծուած է յոբելենական յանձնաժողով, եւ հաստատուած է անոր կազմը: Յանձնաժողովը կազմած է ձեռնարկներու ցանկ: Պիտի ըլլան յոբելենական հրատարակութիւններ, պիտի թողարկուին ձայնասկաւառակներ, պիտի պատրաստուին եւ հեռարձակուին հեռուստահաղորդումներ եւ հոլովակներ, կրթական ծրագիրներ եւ այլն», նշած է Հայաստանի մշակոյթի նախարարի պարտականութիւնները կատարող Նազէնի Ղարիբեան:

Անդրադառնալով նախատեսուած ծրագիրներուն բովանդակային կողմին՝ ՀՀ արուեստի վաստակաւոր գործիչ Մհեր Նաւոյեան ըսած է, որ անոնք կ՛ընդգրկեն Կոմիտասի գործունէութեան բոլոր ոլորտները. «երգահան, երաժիշտ-ազգագրագէտ, երաժշտագէտ, երգիչ, հրապարակախօս: Կարեւոր շեշտադրութիւնը, որ նկատի ունեցած ենք նախագիծերը կազմելու ժամանակ, եղած է այն, որ Կոմիտասը չներկայանայ սոսկ իբրեւ թանգարանային ցուցանմուշ: Անոր ստեղծագործական մօտեցումները կամ սկզբունքները այսօր ալ կրնան ամբողջ երաժշտական դպրոց մը սնանել», հաւաստիացուցած է Նաւոյեան:

Յոբելենական տարուան ձեռնարկներուն մեկնարկը եղաւ Յունուար 29ին, Արամ Խաչատրեան համերգասրահին մէջ՝ Կոմիտասի 150ամեակին նուիրուած համերգային ծրագիրով:

Քաղուած «Ասպարեզէն»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2019, 08:03