Նիկոլ Փաշինեան Նիկոլ Փաշինեան 

Նիկոլ Փաշինեան՝ պաշտօնապէս վարչապետ կը նշանակուի:

Նորանշանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատեց նախագահին, վարչապետին, կառավարութեան եւ Ազգային ժողովին համագործակցութիւնը:

ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հրամանագիր ստորագրեց, որուն հիմամբ խորհրդարանի մեծամասնութեան թեկնածուն՝ Նիկոլ Փաշինեանը նշանակեց Հայաստանի վարչապետ:
«Հիմք ընդունելով Սահմանադրութեան 149րդ յօդուածին առաջին մասը, Նիկոլ Փաշինեանը նշանակել վարչապետ», գրուած է Հայաստանի նախագահին հրամանագիրին մէջ:
Նորանշանակ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին կարեւոր նկատեց նախագահին, վարչապետին, կառավարութեան եւ Ազգային ժողովին համագործակցութիւնը:
«Պէտք է արձանագրել, որ անցնող 8 ամիսներուն ընթացքին որոշ փորձառութիւն ունեցած ենք, բայց, այնուամենայնիւ, ասիկա նոր իրավիճակ է, նոր հիմնարկային յարաբերութիւններ են, եւ մենք պէտք է կարենանք այստեղ ստեղծել այնպիսի աւանդոյթներ, որոնք կ՛երաշխաւորեն իշխանութիւններու յստակ բաժանումը, ժողովրդավարութիւնը, օրէնքի գերակայութիւնը եւ, անշուշտ, փոխզսպումներու եւ հակակշիռներու համակարգ», ըսաւ վարչապետը:
«Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիները պէտք է վստահ ըլլան, որ իշխանութիւն ձեւաւորելու իրենց իրաւունքը այլեւս երբեք ոչ ոք իրենց ձեռքէն պիտի առնէ, այլեւ նոյնիսկ փորձ պիտի չընէ, նոյնիսկ եթէ այդպիսի փորձ ընէ, վստահաբար պիտի ձախողի», ըսաւ վարչապետը:
Նախագահ Սարգսեան իր կարգին վստահութիւն յայտնեց, որ այս խօսքերը զուտ խօսքեր չեն, այլ խօսքեր, որոնց ոչ միայն կը հաւատայ վարչապետը, այլեւ նուիրուած է:
«Ձեր յաջողութիւնը մեր երկրի յաջողութիւնն է, մեր ժողովուրդին, մեր բոլորին, նաեւ իմ յաջողութիւնն է», ըսաւ Արմէն Սարգսեան:
 

Քաղուած Ասպարէզ կայքէջէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2019, 08:14