Որոնել

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան 

Հայաստանի կառավարութիւնը կազմուեցաւ 12 նախարարներով:

Զոհրապ Մնացականեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց նախարար:

Նախագահ Արմէն Սարգսեան 18 յունուարին հրամանագիրներ ստորագրեց 12 նախարարները նշանակելու մասին` հիմք ընդունելով վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի առաջարկները:

Հրամանագիրներով` Զոհրապ Մնացականեան նշանակուեցաւ արտաքին գործոց, Դաւիթ Տօնոյեան` պաշտպանութեան, Ֆելիքս Ցոլակեան` արտակարգ իրավիճակներու, Ատոմ Ջանջուղազեան` ելեւմուտքի, Տիգրան Խաչատրեան` տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու, Յակոբ Արշակեան` փոխադրութեան, կապի եւ տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու, Էրիկ Գրիգորեան` բնապահպանութեան, Արտակ Զէյնալեան` արդարադատութեան, Արսէն Թորոսեան` առողջապահութեան, Զարուհի Բաթոյեան` աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու, Սուրէն Պապիկեան` տարածքային կառավարման եւ զարգացման, իսկ Արայիկ Յարութիւնեան` կրթութեան եւ գիտութեան նախարարներ:

Քաղուած Ազդակ օրաթերթէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/01/2019, 08:09